Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Տէրը մեզ ազատէ դժգոհելու հիւանդութենէն» Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը օրուան քարոզը կեդրոնացուց «յոգնութեան» վրայ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Կան Քրիստոնեաներ որոնք «ձախողութիւնը»կը նախընտրեն եւ այս մէկը առիթ կու տայ գանգատներու  եւ դժգոհութեան, որոնք սերմանումի կատարեալ դաշտ են սատանային համար»։ 9 ապրիլի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը օրուան քարոզը կեդրոնացուց «յոգնութեան» վրայ։ Աստուծոյ ժողովուրդը այլեւս յոգնած էր ճանապարհորդութիւնէն եւ Եգիպտոսէն դուրս գալու ոգեւորութիւնն ու յոյսը ստուերացած էին ու անոնք սկսան տրտնջել ու բողոքել Մովսէսին դէմ։

Ունկնդրէ լուրը

 «Յոգնութեան ոգին մեզմէ կը խլէ յոյսը։ Ան մեզի ցոյց կու տայ միայն ապրուած պահին վատ մասը ու մոռցնել կու տայ մեր ընդունած գեղեցիկ բաները» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով՝ Թուոց գիրգէն քաղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումը ու մատնանշելով այն «քրիստոնեաներուն որոնք դիւրաւ կը յանձնուին «ձախողութեան» առանց անդրադառնալու թէ այդ մէկը սատանային համար բերրի հող է» յարեց Սրբազան Պապը դիտել տալով որ «Անոնք վախ ունին մխիթարանքէն. Վախ ունին յոյսէն ու Տիրոջ շոյանքէն»։

Քահանայապետը յանձնարարեց  զգուշանալ այդ ճանապարհի վրայ քալելէն եւ «օձին» պաշտամունք կատարելէն։

«Կեանքը   տրտնջանքով կ՛ապրին անոնք որոնք կը նախընտրեն  ձախողութիւնը, որոնք չեն հանդուրժեր ճանապարհորդութիւնը, չեն հանդուրժեր յոյսն ու բուժումը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու քարոզը եզրափակեց հրաւիրելով ներկաները հայցելու Տիրոջ օգնութիւնը՝ «որպէսզի մեզ ազատէ դժգոհութեան ու գանգատի հիւանդութիւնէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/04/2019, 11:02
Կարդալ բոլորը >