Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Սուրբ Պատարագ Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Սուրբ Պատարագ  (Vatican Media)

«Օրինակ առնենք Տիրոջ ողորմածութենէն» Ֆրանչիսկոս Պապ:

«Ողորմութեան վարուելակերպը մեզ կը մղէ նաեւ չի դատելու, չի դատապարտելու եւ ներելու» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ուրիշները մի դատեր, մի դատապարտեր ու ներէ. Այսպէս է որ օրինակ կ՛առնենք Հօր ողորմութենէն»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը երկուշաբթի 18 մարտի առաւօտեան՝ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագին առթիւ արտասանած քարոզին մէջ։ Ան յիշեցուց որ կեանքին ընթացքին չի սխալելու համար պէտք է նմանիլ Աստուծոյ, քալել Հօր աչքերու հսկողութեան տակ։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական ընթերցումը Սրբազան Քահանայապետը խօսեցաւ Աստուծոյ ողորմութեան մասին որ կարող է ներել նաեւ ամենավատ արարքները։

«Աստուծոյ ողորմութիւնը վսեմ ու անսահման է։ Այս մէկը պէտք չէ մոռնանք» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Քիւրէ Տ՛Արսի կեանքէն այն դրուագին երբ Սուրբը Խոստովանանքի ժամանակ կը մխիթարէ կին մը որուն ամուսինը անձնասպան եղած էր, ինքզինք վար նետելով կամուրջէ մը, ու վշտացած սրտով ան կը մտածէր թէ ամուսինը այժմ կը գտնուի գեհենի կրակին մէջ։ Քիւրէ Տ՛Արսը անոր կ՛ըսէ.  «Ինչո՞ւ վշտի մէջ էք պէտք էք իմանալ թէ կամուրջին ու գետին միջեւ կայ Աստուծոյ ողորմութիւնը։

«Քալելու համար ողորմութեան ճանապարհէն հարկաւոր են երեք բաներ. Առաջինը՝ չի դատել եւ խուսափիլ զրպարտութենէն։ Ապա չի դատապարտել, հուսկ ներել» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Յիսուսին խօսքերուն. «Տուէք եւ պիտի տրուի ձեզի», ու ասկէ մեկնելով  հրաւիրեց հաւատացեալները եղբայրսիրութեան արարքներ կատարելու, ժամանակը վատնելու նաեւ անոր համար որ կարիքն ունի մեր մօտիկութեան, ինչպէս հիւանդ մը կամ կարիքաւոր մը։ «Ողորմութեան վարուելակերպը մեզ կը մղէ նաեւ չի դատելու, չի դատապարտելու եւ ներելու» յարեց Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2019, 11:59
Կարդալ բոլորը >