Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Չմոռնալ այն բաները որ Տէրը կատարեց մեր կեանքին մէջ» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Թող որ Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը պահպանելու յիշողութիւնը»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Պէտք է պահպանել փրկութեան պատմութեան յիշատակը ու նայիլ դէպի յառաջ, ապա թէ ոչ «առանց կողմնացոյցի սիրտ» մը ունենալու վտանգը կայ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին  Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ՝ 7 մարտի առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին կեդրոնական նիւթը։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով Օրինաց գիրքէն քաղուած սուրբ գրային ընթերցումը ուր ներկայացուած է Մովսէս Մարգարէին ճառը ուղղուած հրեայ ժողովուրդին նախ քան աւետեաց երկիր անոնց մուտքը (Օրինաց, 30, 15-20), Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ Մովսէսին արտասանած երեք բառերուն վրայ «Եթէ սիրտդ ետ նայի», «Եթէ մտիկ չընես» ու «եթէ թոյլ տաս պաշտամունք կատարել այլ աստուածներու»։

«Երբ սիրտը ետ կը նայի, երբ կը դիմէ սխալ ճանապարհի, ան կը կորսնցնէ ուղեցոյցը ու սիրտը մը առանց ուղեցոյցի կը դառնայ հանրային վտանգ։ Սիրտ մը սխալ ճանապարհով կ՛ընթանայ երբ մտիկ չընէր, երբ թոյլ կու տայ որ չաստուածները զինք առաջնորդեն ու երբ կը դառնայ կռապաշտ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով քառասնորդացի շրջանին ու զայն նկատելով շրջան որ մեզ կ՛օգնէ ընթանալու ուղիղ ճանապարհին վրայ։ Ան ապա նկատել տուաւ որ Տիրոջ խօսքին մտիկ չընելը կը նշանակէ կորսնցնել նաեւ յիշողութիւնը, յիշողութիւնը այդ բոլոր բարիքներուն զոր Տէրը ըրաւ մեր կեանքին ու եկեղեցւոյ մէջ։ «Ու երբ այս մէկը պատահի կը դառնանք ինքնահաւան ու կը ջանանք յառաջ ընթանալ մեր ուժերով» յարեց Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով հաւատացեալները Քառասնորդացի շրջանը սկսիլ հայցելով յիշողութեան պարգեւը։

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց թէ «բարօրութիւնը» շատ անգամ կարող է դառնալ վտանգ, վտանգ որ մեզի մոռցնել կու տայ անցեալը ու մեզ կը մղէ մտիկ չընելու Տիրոջ խօսքին, ուստի չյիշելու մեր կեանքին մէջ Անոր գործած բարիքները այնպէս ինչպէս պատահեցաւ Իսրայէլի ժողովուրդին երբ անապատին մէջ մոռցան որ Տէրը զիրենք փրկած էր ու սկսան դժգոհիլ ջուրի եւ կերակուրի պակասէն, առանց սակայն մտածելու թէ Եգիպտոսի մէջ անոնք ստրուկներ էին եւ ոչ թէ ազատ մարդիկ։

Սրբազան Քահանայապետը քարոզին աւարտին դարձեալ զգուշացնելով  կռապաշտութեան վտանգէն յորդորեց հայցել յիշողութեան շնորհքը։ «Լաւ է որ քառասնորդացի սկիզբը հայցենք յիշողութիւնը պահպանելու շնորհքը, պահպանելու Տիրոջ մեր կեանքին մէջ գործած բարիքներուն շնորհքը, թէ որքան Ան մեզ սիրեց ու այդ յիշատակին վրայ հիմնուելով ընթանանք դէպի յառաջ» ըսաւ  Սրբազան Պապը ու հայցեց «Թող որ Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը պահպանելու յիշողութիւնը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2019, 12:17
Կարդալ բոլորը >