Տոմուս Սանթա Մարթայի Սուրբ պատարագը Տոմուս Սանթա Մարթայի Սուրբ պատարագը  (Vatican Media)

«Կարծր սիրտ մը հաւատարմութիւնը կը կորսնցնէ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քառասնորդացը ողորմութեան ժամանակաշրջան է, Տիրոջ գթութեան շրջանը, մեր սիրտը բանաք որպէսի Ան մուտք գործէ այնտեղ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մտիկ ընել Տիրոջ ձայնին, որպէսզի սիրտդ չի կարծրանայ ու չի վարկաբեկէս Տէրը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը՝ զոր ուղղեց 28 մարտի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մտուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, յիշեցնելով նաեւ որ Աստուած ողորմած է ու մեզի հրաւէր կ՛ուղղէ իրեն վերադառնալու զղջացած սրտով։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը զգուշացուց կարծր սիրտ ունենալու վտանգէն, դիտել տալով որ այդպիսի սիրտ մը երբ հանդիպի իրեն տհաճ իրականութեան, կը վարկաբեկէ Տէրը։

«Յիսուս այսօրուան Աւետարանին մէջ յստակ պատգամ մը կը փոխանցէ» ըսաւ Սրբազան Պապը «Ով որ ինծի հետ չէ, ինծի հակառակ է», կամ խոնարհ ու հնազանդ սիրտ ունիս ու կամ հաւատարմութիւնը կորսնցուցիր», յարեց Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով Երեմիայ Մարգարէէն քաղուած մէկ հատուածին (Երեմիայ 7, 23-28) ուր Տէրը կը դժգոհի «պնդագլուխ ժողովրդի» վարուելակերպէն։ Աստուած անոնց կը հրամայէ որ մտիկ ընեն իր ձայնին, անոնց շնորհելով իր Ժողովուրդը ըլլալու խոստումը, սակայն անոնք  փակ ականջներ ունէին ու անտեսեցին Աստուծոյ հրաւէրը։

«Մենք ալ մտիկ կ՛ընե՞նք Տիրոջ ձայնին» հարց տուաւ Սրբազան Պապը, եւ կամ մենք զմեզ անտարբեր կը ձեւացնենք եւ կամ կ՛ընտրենք միայն այն բաները որոնք մեզի հաճելի են ու միայն անոնցմով կը զբաղինք, կորսնցնելով սրտի հաւատարմութիւնը ու մեր սիրտը կարծրացնելով։ 

Վերոնշաել հարցումը ուղղուած է իւրաքանչիւրիս ու Քառասնորդացը ասոր կը ծառայէ՝ ունկնդրել, մտիկ ընել Տիրոջ ձայնին, «այս է եկեղեցւոյ հրաւէրը որ կը յորդորէ նաեւ չի կարծրացնել սիրտը» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու մէջբերեց օրուան Աւետարանին հատուածը, քաղուած Ղուկաս Աւետարանիչէն,  ուր Յիսուս համր դեւ մը կը հանէ ու մարդիկ փոխանակ այդ արարքին մէջ տեսնելու անոր աստուածային բնոյթը կ՛ըսեն թէ Ինք այդ մէկը ըրաւ «Դեւերու մեծ, Բէեղզեբուղին անունով» վարկաբեկելով Յիսուսը ու մերժելով զԱյն, որովհետեւ անոնց սիրտը կարծրացած էր ու հաւատարմութիւնը անհետացած», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հարց տալով դարձեալ «ի՞նչպէս կ՛ընթանայ իմ հաւատարմութիւնս», ու այս ուղղութեամբ ակնարկելով Յիսուսի այլ խօսքի ու հրաւէրի մը՝ որ «յոյս կը ներշնչէ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը այն է վերադառնալ Տիրոջ բոլոր սրտով, որովհետեւ Տէրը բարի ու ողորմած է։ Ան կը սպասէ մեր դարձին՝ զղջացած սրտով, ու պիտի մոռնայ ամէն ինչ։

«Ահա այս է ողորմութեան ժամանակաշրջանը, Տիրոջ գթութեան շրջանը, մեր սիրտը բանաք որպէսի Ան մուտք գործէ այնտեղ» հրաւէր ուղղեց Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2019, 11:52
Կարդալ բոլորը >