Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

ֆրանչիսկոս Պապի 8 մարտի քարոզը:

Ֆրանչիսկոս Պապ կը բացատրէ ձեւական եւ իրական կեանքի միջեւ տարբերութիւնը, զցուշացնելով կեղծաւոր կեանք ապրելէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ուրբաթ,8 մարտ 2019-ին, ՏոմուսՍանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարգի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով Եսայի մարգարէին գիրքէն քաղուած օրուան Սուրբ գրային՝ հատուածը բացատրեց իրական կեանքի եւ ձեւական կեանքի միջեւ կայացած տարբերութիւնը, դատապարտելով կեղծաւորութեան որեւէ ապրելակերպ:

Ձեւականը իրականի արտայայտութիւնն է, անոնք սակայն պէտք են միասնաբար ընթանան, ապա թէ ոչ կ՛ապրինք «երեւոյթի» գոյութիւն մը, առանց սիրտին մէջ ունենալու ճշմարտութիւնը ըսաւ Սրբազան Հայրը յորդորելով քառասնորդաց այս շրջանը ապրիլ ծոմապահութեան, աղօթքի եւ ողորմնաբաշխութեան միջոցաւ, ու հրաւիրելով քրիստոնեաները երեւնալու պարզութիւնը ապրիլ՝ ուրախութիւն արտայայտելով ապաշխարութեան մէջ, առատաձեռն գտնուելու կարիքաւորներու նկատմամբ, առանց բողեր հնչեցնելու ու Աստուծոյ դիմելու՝ գրեթէ գաղտնաբար առանց փնտռելու ուրիշներուն համակրանքը։

Այս ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց կեղծաւորութեան ու ձեւական կեանքին որուն կը դիմեն բազմաթիւ անձեր եւ որուն թիրախն են նաեւ այսօրուայ երիտասարները որոնք կը ձգտին «երեւնալու»։
Բազմաթիւ քրիստոնեաներ ու նաեւ կաթողիկէներ, որոնք իրենք զիրենք արդար կը նկատեն եւ իրենց կրօնային պարտականութիւնները կատարելով հանդերձ կը շահագործեն ուրիշները՝ ինչպէս աշխատանքի ծիրէն ներս չարաշահելով գործաւորները, ու ժխտելով անոնց իրաւուքները, ու գործելով ծանր մեղք մը ըսաւ Սրբազան Պապը Հրաւիրելով քառասնորդաց շրջանին բացայայտելու պարզութեան գեղեցկութիւնը ու խրախուսեց ներկաները Տիրոջմէ հայցելու հետեւողականութեամբ ապրելու շնորհքը, հետեւողականութիւն ընդմէջ իրականին եւ ձեւականին միջեւ, իրականին եւ երեւնալուն միջեւ» յարեց Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խօսքը

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2019, 12:29
Կարդալ բոլորը >