Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «աղքատներն են այսօրուան ջրհեղեղին՝պատերազմներուն հաշիւը վճարողները:»

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց տառապողները, սովահարները, որբ եւ դիւրաբեկ մանուկները ի վերջոյ պատերազմներու հաշիւը վճարող աղքատները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Աստուած սրտանց կը սիրէ եւ ոչ թէ գաղափարներով: Պէտք է Աստուծմէ հայցել սիրտ մը ունենալու շնորհքը որ գիտէ ողբալ աշխարհի բնական աղէտներուն դիմաց, գիտէ ողբալ հալածուողներուն , հակամարտութեան թիրախ զոհերուն դիմաց : Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին, 19 փետրուար 2019-ին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ներկայացուցած քարոզին առանցքը:

Ունկնդրէ լուրը

Անդրադառնալով Սուրբ Գիրքին ծննդոց գիրքին մէջ նկարագրուած ջրհեղեղի աղէտին եւ մեր օրերուն պատահած դէպքերուն Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց տառապողները, սովահարները, որբ եւ դիւրաբեկ մանուկները ի վերջոյ պատերազմներու հաշիւը վճարող աղքատները: Ան ապա յորդորեց ունենալ Աստուծոյ նման սիրտ մը, որ ունի կարողութիւնը բարկանալու եւ ցաւելու, սիրտ մը որ գիտէ յատկապէս եղբայր ըլլալ եղբայրներու հետ , հայր ըլլալ զաւակներուն հետ, վերջապէս մարդկային եւ աստուածային սիրտ մը:
Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզին մէջ նշեց, թէ Աստուած կը ցաւի մարդուն չարութիւններուն դիմաց , որոհետեւ Ան լի է զգացումներով եւ ոչ թէ զուտ գաղափարներով :

Աստուած երբ մեզ կը շոյէ մեզ սրտանց կը շոյէ, ինչպէս բարի հայր մը: Տէրը երբ մեր վրայ կը բարկանայ, Ան մեզ խարազանէ իր սիրտով - որովհետեւ Աստուած մեզմէ աւելի կը տառապի ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ։
Ան ապա դիտել տուաւ որ մեր ապրած ժամանակաշրջանը տարբեր չէ ջրհեղեղի ժամանակաշրջանէն: Մեր ապրած աշխարհին մէջ առկայ են բնական աղէտները , աղքատներ- սովահարներ- հալածուածներ կան մարդիկ որոնք կը մեռնին պատերազմներուն հետեւանքով
Ան եզրափակեց իր քարոզը հրաւիրելով Աստուծմէ հայցել Իրեն նման սիրտ մը ունենալու շնորհք, սիրտ մը որ գիտէ եղբայր ըլլալ եղբայրներուն հետ- հայր ըլլալ զաւակներուն հետ: Վերջապէս սիրտ մը մարդկային եւ աստուածային՝ նման Յիսուսի սրտին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2019, 12:04
Կարդալ բոլորը >