Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Ապաշխարութիւնը հեզութիւն կը պահանջէ» Ֆրանչիսկոս Պապ:

«Առաջին բուժումը կը կայանայ ապաշխարութեան մէջ, մեր սիրտը բանալով՝ որպէսզի Աստուծոյ խօսքը մուտք գործէ այնտեղ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 7 Փետրուար 2019-ի առաւօտեան, Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագին քարոզը կեդրոնացուց ապաշխարութեան, դարձի ու հոգւոյն բուժումին վրայ, հաստատելով որ ապաշխարութիւնը կը պահանջէ խոնարհութիւն, հեզութիւն եւ աղքատութիւն, հետեւելով Քրիստոսի քայլերուն։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով Մարկոս Աւետարանիչէն քաղուած՝ տասներկու աշակերտներուն առաքումը պատմող հատուածը՝ Սրբազան Պապը հաստատեց թէ Յիսուս զանոնք առաքեց բժշկելու համար, ինչպէս Ինք ըրաւ իր աշխարհ գալուստով՝ մեզ սկզբնական մեղքէն բուժելու համար։

«Առաջին բուժումը կը կայանայ ապաշխարութեան մէջ, մեր սիրտը բանալով՝ որպէսզի Աստուծոյ խօսքը մուտք գործէ այնտեղ» ըսաւ Սրբազան Պապը, դիտել տալով որ եթէ սիրտը փակ մնայ չի կրնար բուժուիլ նման հիւանդին որ կը մերժէ բժիշկին դիմել։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ մատնանշեց թէ մարդիկը ապաշխարութեան հրաւիրելու համար իշխանութիւն պէտք է ու այդ իշխանութիւնը շահելու համար Յիսուս Աւետարանին մէջ իր աշակերտներուն կը թելադրէ իրենց հետ ոչ մի բան տանիլ, «այլ միայն գաւազան, ոչ հաց, ոչ մախաղ եւ ոչ ալ դրամ»։

Ըստ երեւոյթին Յիսուս կ՛ակնարկէ  աղքատութեան ըսաւ Սրբազան Պապը ու հրաւէր ուղղեց  աղքատութեան, հեզութեան ու խոնարհութեան, զգուշացնելով մենք մեզ աւելի գերադաս համարելէ ուրիշներէն, ու կամ ձգտելէ եկեղեցական որոշ դիրքերու…«այսպէսով ոչ մէկը կը բուժուի» ըսաւ Սրբազան Պապը, «ոչ մէկուն սիրտը պիտի բացուի որովհետեւ խօսքերը իշխանութեամբ չեն արտասանուած»։

«Իշխանութիւնը կ՛ընդունուի երբ կը քալենք Քրիստոսի քայլերով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ այդ քայլերը կը կայանան աղքատութեան մէջ, աղքատութիւնը որ կը տանի հեզութեան։

«Խոնարհութեամբ, Քրիստոսի անունէն բխած իշխանութեամբ կատարուած առաքելութեան դիմաց սատանաները կը փախչին» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, ակնարկելով աւետարանական վերջին հատուածին ուր գրուած է որ առաքեալները իւղով կ՛օծէին հիւանդները ու կը բժշկէին զանոնք։

«Իւղը Աստուծոյ շոյանքն է» ըսաւ Սրբազան Պապը, իւը  փափուկ կը դարձնէ մորթը ու կը կազդուրէ։ Աշակերտները եւս պէտք է սորվին Աստուած շոյանքի իմաստութիւնը», յարեց Ան դիտել տալով որ բոլորս կարիք ունինք բուժումի, բոլորս ալ հոգեւոր հիւանդութիւններէ կը տառապինք։ Սակայն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մենք եւս կարելիութիւնը ունինք բուժելու ուրիշները մեր վարուելակերպով, բարի խօսքով, օրինակով։

Թող որ Տէրը մեզի պարգեւէ բուժելու շնորհքը՝ խոնարհութեամբ, հեզաբարութեամբ, պայքարելով մեղքին ու ստանային դէմ, թոյլ տալով բուժուելու ուրիշէն ու մեր կարգին բուժելով ուրիշները. Ահա այս է քրիստոնէական հասարակութիւնը յարեց Սրբազան Պապը աւարտելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2019, 11:27
Կարդալ բոլորը >