«Յարատեւել հաւատքի ուղեւորութեան ու Տիրոջ ծառայութեան ուղիին վրայ» «Յարատեւել հաւատքի ուղեւորութեան ու Տիրոջ ծառայութեան ուղիին վրայ» 

«Անձկութեան պահերուն պէտք է յարատեւել» Ֆրանչիսկոս Պապ

«Յարատեւել հաւատքի ուղեւորութեան ու Տիրոջ ծառայութեան ուղիին վրայ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Բոլորս կ՛անցնինք անձկութեան պահերէն, խաւար ժամանակաշրջանէ, ուր ամէն ինչ կը թուի կորսնցնել իր նշանակութիւնը. այդ պահերուն է որ քրիստոնեաները պէտք է «յարատեւեն» հասնելու համար Տիրոջ խոստումին, առանց  ետքայլ կատարելու»։ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագի ընթացքին, ուրբաթ 1 փետրուար 2019-ի առաւօտեան, մեկնաբանելով օրուան ընթերցուածը, քաղուած Սուրբ Պօղոսի Եբրայեցիներուն ուղղած նամակէն, Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը կեդրոնացուց քրիստոնէական յարատեւութեան վրայ, դիտել տալով որ քրիստոնէական կեանքը ունի ուրախութեան եւ տօնախմբութեան պահեր, թէեւ ան յատկանշուած է նաեւ դժուար պահերով, անձկութիւններով, որոնց հանդերձ անոնք  քրիստոնեաները պէտք է շարունակեն ապրիլ յարատեւելով՝ որպէսզի Աստուծոյ կամքը կատարուի ու հասնինք խոստումին» - ըսաւ Սրբազան Պապը  այս ուղղութեամբ առաջարկելով երկու կարեւոր տարրեր՝ յիշողութիւն եւ յոյս. «Յիշել Տիրոջ հետ հանդիպումի ուրախ օրերը, սիրոյ ժամանակաշրջանը, ապա յոյս ունենալ մեզի վերապահուած խոստումին վրայ» յարեց Քահանայապետը, որ յիշելով 2018-ի սեպտեմբերի  Լաթուիա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը, մատնանշեց այդ երկրի նահատակ քրիստոնեաներու քաջութեան, որոնք հակառակ ամէն բանի հաստատ մնացին իրենց հաւատքին մէջ։

«Հարկաւոր է միշտ նայիլ Տիրոջ ու խորհիլ խաչին վրայ յարատեւութեամբ, յիշելով սիրոյ գեղեցիկ պահերը, Տիրոջ հետ հանդիպումը ու այդ հանդիպումէն բխած յոյսը, որ մեզ կը սպասէ» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2019, 11:07
Կարդալ բոլորը >