Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

ֆրանչիսկոս Պապին 28 փետրուարի քարոզը:

Կեանքը յաւիտենական չէ, պէտք չէ ամէն ինչ գործել կարծելով, թէ Ասստուծոյ կարեկցութիւնը անսահման է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 28 փետրուարին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ: Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ անդրադարձաւ մեր կեանքին մէջ պահ մը դադար առնելու մասին, խոկալու համար մեր ձախողութիւններուն մասին, այն գիտակցութեամբ թէ կարելի է որ կեանքը իր աւարտին հասնի մէկ պահէն միւսը ու խուսափելով մեզ ուզածը կատարելու արդարացնելէ՝ կրնկելով որ «Աստուծոյ կարեկցութիւնը անսահման է»։

Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց դարձի գալու ապաշխարութեան կարեւորութեան վրայ, այս ուղղութեամբ թելադրելով յաճախ խոկալ մեր ապրուած կեանքի մասին ու յատկապէս մտածել որ կեանքը յաւիտենական չէ եւ պէտք չէ բան մը կատարել կարծելով որ Աստուծոյ ողորմածութիւն անսահման է: 

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց չյետաձգել դարձի գալու, մեր սեփական կեանքը փոխելու ժամը, ու ամէն օր խղճի քննութիւն կատարել, ճանչնալու համար մեր գործած սխալները- որովհետեւ ոչ մէկը գիտէ իր սեփական կեանքին վերջը– ըսաւ Ան հուսկ դարձեալ շեշտեց «Օրուան աւարտին հինգ վայրկեան խոկալը եւ խիղճի քննութիւն կատարելը, մեզ պիտի օգնէ մեր սիրտը փոխելու եւ Տիրոջ դարձի գալու»։
Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց հայցելով Տիրոջմէ որ մեզի իր իմաստութեամբ սորվեցնէ քալել այդ ուղիով։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2019, 12:07
Կարդալ բոլորը >