Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին 18 փետրուարի քարոզը:

Այսօր եւս Աստուած բոլորիս հարց կու տայ ո՞ւր է քու եղբայրդ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 18 փետրուար 2019-ին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ ներկայացուցած քարոզը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումին վրայ ուր կը խօսուի Կայէնի եւ աբէլի դրուագին մասին:
Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Տիրոջ՝ Կայէնի ուղղած հարցումին «Ո՞ւր է քու եղբայրդ» նկատել տուաւ, որ Տէրը այսօր եւս նոյն հարցումը կ՝ուղղէ բոլորիս յորդորելով , որ Տիրոջ այդ հարցումին, պատասխանենք առանց փոխզիջումի պատասխաններ որոնելու, խուսափելու համար հարցերէն»

Ան ապա դիտել տուաւ, որ Աստուծոյ «ուր է քու եղբայրդ» մեզի ուղղած հարցումը , կը հայի Մատթէոս աւետարանիչն մէջ նշուած՝ անօթի, բանտարկուած հիւանդ եղբայրներուն աւելցնելով որ Տիրոջ հարցումները, անհանգստացնող ու ամօթ պատճառող հարցումներ են, մէջբերելով կարգ մը օրինակներ աւետարանէն՝ ինչպէս Յիսուսի սուրբ պետրոսի ուղղած հարցումը,« կը սիրես զիս»:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հարց տալով եթէ մեր սրտերուն մէջ անօթի, հիւանդ, եղբայրները տեղ ունին, յորդորեց չի թաքնուիլ իրականութեան դիմաց եւ արդարութեամբ պատասխանել Տիրոջ հարցումներուն. Ո՞ւր է քու եղբայրդ, ունենալով Ադամի նոյն ամչկոտութեան զգացումը, երբ գիտակից դարձաւ իր մեղքին։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2019, 12:48
Կարդալ բոլորը >