Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 8 փետրուարի քարոզը. «կեանքը արժէք ունի երբ զայն կը նուիրենք սիրոյ եւ ճշմարտութեան մէջ»

Յովհաննէս առաքեալը մեռաւ բանտին մէջ՝ անյայտ կերպով, ինչպէս կը պատահի մեր օրերուն բազմաթիւ մարտիրոսներուն հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 8 փետրուարին՝ առաւօտեան, Ֆրանչիսկoս Պապ, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզի նիւթը եղաւ, օրուան աւետարանական ընթերցումէն քաղուած՝ Սուրբ Յովհաննէս մկրտիչի սպանութեան դրուագը:
Այս առթիւ Սրբազան Պապը հրաւէր ուղղեց խոկալու Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի սպանութեան դրուագին չորս անձնաւորութիւններու մասին, բանալով մեր սիրտը, որպէսզի Տէրը մեզի խօսի:

Նախ եւ առաջ անորոշ Հերովդէս թագաւորը, որ կաշառուած մարդ մըն էր, եւ որ պատճառ դարձաւ Յովհաննէս առաքեալին սպանութեան, որովհետեւ առաքեալը կը յանդիմանէր զայն իր անկարգ կեանքի ու շնութեան մէջ իյնալուն համար։ Հերովդէս կ՝ուզէր կեանքը փոխել, սակայն չի կրցաւ կատարել զայն որովհետեւ շատ դժուար է կաշառակերութենէ դուրս ելլել: ըսաւ Սրբազան Պապը ապա հրաւիրեց խոկալ, Հերովդէս թագաւորի՝ Փիլիպպոս եղբօր կնոջ, որ միայն ատել գիտէր ինչպէս նաեւ Անոր Սալոմէ աղջկան որ ՝ սնապարծ պարուհի մըն էր:

Ի վերջոյ խոկանք գլխատուած մարգարէի մասին, որ բանտին մէջ մենակեաց մահացաւ, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացնելով մարտիրոսութեան վրայ ու նշելով թէ, դիւրին չէ մարտիրոսներու կեանքը պատմել, որովհետեւ մարտիրոսութիւնը ծառայութիւն է , խորհուրդ է ինչպէս նաեւ մեծ ու իւրայատուկ կեանքի նուիրում է:
Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ, որ մարդկային որոշ կեցուածքներն են որոնք պատճառ կը դառնան քրիստոնեայի մը կեանքի զոհաբերումին այս առնչութեամբ օրինակ բերելով Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչի սպանութեան պատճառ դարձած երեք անձնաւորութիւններուն կեցուածքները. Հերովդէս թագաւոր որ կաշառակերէ էր Հերովդիան , հերովդէս Թագաւորին եղբօրը կինը , որ կատէր Յովհաննէս առաքեալը, Ի վերջոյ հերովդիայի աղջիկը Սալոմէն որ սնապարծ էր:
«Յովհաննէսի սպանութեան պատճառ դարձած երեք անձնաւորութիւններուն ետին կար սատանան , որ ատելութիւն սերմանեց կնոջ մէջ- սնապարծութիւն սերմանեց աղջկան մէջ եւ կաշառակերութիւն Հերովդէս թագաւորին մէջ» ըսաւ Քահանայապետը մատնանշելով որ սատանային սէրը ատելութիւն է սատանան չի գիտեր սիրել ու լոկ ատել գիտէ։

Ինչ կը հայի Յովհաննէս մկրտիչին ֆանչիսկոս Պապ յարեց թէ Ան Կնոջմէ ծնած ամենամեծ մարդը մինակ մնաց բանտին խաւարին մէջ հաստատելով, որ մարտիրոսը այն անձէ որ իր կեանքը կամաց կամաց կը նսորացնէ տեղ տալու համար Մեսիային :
Յովհաննէս առաքեալը մեռաւ բանտին մէջ անյայտ կերպով, ինչպէս կը պատահի մեր օրերուն բազմաթիւ մարտիրոսներուն հետ , որոնք այայտօրէն կը սպաննուին, ըսաւ Սրբազան Պապը ու հաստատեց թէ «Կեանքը արժէք ունի լոկ՝ երբ զայն կը շնորհենք սիրոյ, Ճշմարտութեան մէջ եւ երբ զայն ուրիշներուն կը նուիրենք,  առօրեայ մեր կեանքին եւ մեր ընտանիքներուն մէջ»։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2019, 12:47
Կարդալ բոլորը >