Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 31 յունուարի քարոզը. քահանաները թող ուրախ ըլլան Սուրբ Պոսկոյին նման:

«Սուրբ Յովհաննէս Պոսկոն, իրականութիւնը կը դիտէր, հօր մը եւ վարդապետի մը աչքերով՝ հայեացք մը, որ բնշորոշեց իր կեանքը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 31 յունուար 2019-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ ներկայացուցած քարոզը նուիրեց օրուան ծիսական տօնին՝ Սուրբ Յովհաննէս Պոսկոյին:
Սրբազան Հայրը քարոզին մէջ յորդորեց, որ քահանաները միշտ ուրախ ըլլան եւ Սուրբ Յովհաննէս Պոսկոյին նման, ժողովուրդին նային, մարդկային եւ 

 

[ Audio Embed Ունկնդրէ լուրը]«Սուրբ Յովհաննէս Պոսկոն, իրականութիւնը կը դիտէր, հօր մը եւ վարդապետի մը աչքերով՝ հայեացք մը, որ բնշորոշեց իր կեանքը:»    ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ Սուրբ Յովհաննէս Պոսկոն իր կեանքին մէջ ականատես ըլլալով ճամբաները լքուած աղքատ պատանիներու եւ երիտասարդներուն, ան յուզուած մտաբերեց ձեւ մը գտնել, այդ պատանիները դաստիարակելու համար՝ անոնց հետ միասնաբար ընթանալով ու ողբալով: » ըսաւ Ան

Ժողովուրդին Աստուածային եւ մարդկային աչքերով նայելու համար Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց քահանաները, որ շատ ժամանակ անցնեն տապանակին դիմաց, դիտել տալով, որ քահանաերը պարզ պաշտօնեաներ չեն , որոնք ժողովուրդը կ՝ընդունին սահմանափակ ժամերու մէջ:

Ան ապա Խօսելով Սուրբ Յովհաննէս Պոսկոյի մասին, որ իրականութիւնը կը դիտէր Աստուածային եւ մարդկային աչճերով Սրբազան Հայրը յարեց թէ
Սուրբ Պոսկոն, նայելով երիտասարդներուն մարդկային աչքերով , մտահոգուեցաւ անոնց ապրած դժուար կացութեան համար, ապա ուղիներու դիմեց, անոնց  ընկերանալու համար, որոնք մարդկային ուղիներ են:

Սուրբ Յովհաննէս Պոսկոն քաջութիւնը ունեցան նաեւ երիտասարդնեուն Աստուածային աչքերով նայելու,  երթալով Աստուծոյ մօտ ու Անոր ըսելով Աստուած իմ դուն ես, որ ստեղծեցիր այս մարդիկը, անոնք դժուար վիճակի մէջ կապրին:

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուծոյ ,Սուրբ Յովհաննէս Պոսկոն մեցի նուիրելուն համար, որ մանուկ հասակէն աշխատեցաւ եւ քաջ գիտէր ինչ կը նշանակէ շահիլ օրուան հացը , քաջ գիտէր գթութեան իմաստը,  դիտել տալով որ Սուրբ Յովհաննէս Պոսկոն, Աստուծոյ կողմէ շնորհուած ՝ հօր մը եւ վարդապետի մեծ սիրտ մը ունէր: 

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր քարոզը մատնանշելով, որ Սուրբ Յովհաննէս Պոսկոն ուրախութեան վարդապետն է,  որովհետեւ ան գիտէր ինքզինք եւ ուրիշները ուրախացնել: Ապա հրաւիրեց որ Սուրբ Պոսկոյին բարեխօսութեամբ , Տիրոջմէ հայցենք,  որ մեզի ուրախ վարդապետներ շնորհէ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/01/2019, 13:37
Կարդալ բոլորը >