Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ «հաւատքը կը յաղթէ բաժանող աշխարհի հոգիին:»

«Եթէ դուն կարող չես սիրել բան մը, որ կը տեսնես ինչպէս կրնաս սիրել բան մը որ չես տեսներ» :

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եթէ չսիրես քու եղբայրդ, կարող չես Աստուած սիրել: Հաւատքն է որ ուժ կը ներշնչէ ՝ բոլորին համար աղօթելու , նոյնիսկ թշնամիներուն համար: Աշխարհի հոգին սուտ հոգի է մինչ Աստուծոյ հոգին ճշմարտութիւն է: Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 10 յունուար 2019-ին Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուած քարոզին առանցքը:

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը քաղուած Յովհաննէս Առաքեալի թուղթէն ուր առաքեալը կը խօսի աշխարհիկութեան հոգիին մասին Սրբազան Հայրը դիտել կու տայ որ բոլոր անոնք որոնք Աստուծմէ ծնած են կարող են աշխարհը յաղթահարելու, կարող են աշխարհի հոգիին դէմ ամէն օր պայքարելու, ընդգծելով որ աշխարհի հոգին սուտ, մակերեսային, հիմքէ զուրկ հոգի է,  մինչ՝ Աստուծոյ հոգին ճշմարիտ է:

Նորին Սրբութիւն ապա նկատել կու տայ , որ Յովհաննէս առաքեալը մեզի կ՝ընծայէ Աստուծոյ հոգիին շօշափելիութեան ուղին, որ չի կայանար խօսքերուն այլ գործելուն մէջ: Առաքեալը մեզի կը փոխանցէ թէ, ան որ չի սիրեր եղբայրը որ կը տեսնէ ,չի կրնար Աստուած սիրել, որ չի տեսներ:

«Եթէ դուն կարող չես սիրել բան մը, որ կը տեսնես ինչպէս կրնաս սիրել բան մը որ չես տեսներ» ըսաւ Սրբազան հայրը յորդորելով սիրել այն ինչ, որ կը տեսնենք ու կը դպչինք որ իրական է :

Նորին Սրբութիւնը խրախուսեց աղօթել մերձաւորին համար, նաեւ մեզ անհաճելի թուող անձերուն համար, որոնք մեզ չեն սիրեր ,բոլոր անոնց համար որոնք մեզ կ՝ատեն ներառեալ թշնամիները:

Ի վերջոյ ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց, որ աշխարհի հոգին կը յաղթահարուի հաւատքի հոգիով, պէտք է հաւատալ  թէ Աստուած իմ եղբօրս ու քրոջս մէջ կը գտնուի: Հաւատքն է, որ կը յաղթէ աշխարհին : Լոկ հաւատքն է, որ մեզի ուժ կը ներշնչէ՝ որ շատախօսութիւն չի կատարենք եւ բոլորին համար աղօթենք նոյնիսկ մեր թշնամիներուն համար:

Ֆրանչիսկ Պապ քարոզը եզրափակեց նկատել տալով որ «Տէրը շօշափելիութիւն կը խնդրէ սիրելու մէջ, եթէ դուն չես սիրեր եղբայրդ, չես կրնար Աստուած սիրել» շեշտեց Սրբազան Հայրը քարոզին աւարտին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2019, 12:20
Կարդալ բոլորը >