Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Անտարբերութեան մշակոյթը Աստուծոյ սիրոյ հակառակն է: Ֆրանչիսկոս Պապ

Իրար զիրար սիրել, որովհետեւ սէրը Աստուծմէ կու գայ, որովհետեւ Աստուած նախ ինքը սիրեց ու առաջին քայլը կատարեց՝ դէպի սիրել չգիտցող մարդկութիւն, որ սիրելու համար, կարիքը կը զգայ Աստուծոյ քնքշութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 8 յունուար 2019-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագը նուիրեց Աւստրիոյ մէջ երբեմնի պապական նուիրակ՝ Արքեպիսկոպոս Ճորճօ Զուրիին հոգւոյն յաւիտենական հանգստեան համար։ Ան հոգին աւանդեց երկուշաբթի կէս գիշերին:

Այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանեց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումները՝ առաջինը քաղուած Յովհաննէս առաքեալի թուղթէն, ուր կը խօսուի սիրոյ մասին մինչ երկրորդը քաղուած Մարկոս աւետարանիչէն ուր կը խօսուի հացի բազմապատկում հրաշքի մասին:

Խօսելով Սիրոյ մասին Սրբազան Հայրը յորդորեց իրար զիրար սիրել, որովհետեւ սէրը Աստուծմէ կու գայ, որովհետեւ Աստուած նախ ինքը սիրեց ու առաջին քայլը կատարեց՝ դէպի սիրել չգիտցող մարդկութիւն, որ սիրելու համար, կարիքը կը զգայ Աստուծոյ քնքշութեան ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով, որ Աստուած ինքն է որ առաջին քայլը կատարեց՝ իր Միածին որդին ուղարկելով, մեզ փրկելու եւ մեր կեանքը իմաստաւորելու ու զայն վերանորոգելու համար :

Մեկնաբանելով ապա հացի բազմապատկում հրաշքի դէպքը, ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց առաքեալներուն ՝ Յիսուսի ուղղած հարցին վրայ «Տէր թոյլ տուր որ ժողովուրդը իրենց տուները վերադառան ,որովհետեւ արդէն ուշ է:» Ան դիտել տուաւ որ առաքեալները չար մարդիկ չէին , սակայն անտարբեր էին՝ մարդոց հանդէպ, որովհետեւ չէին գիտեր ինչ կը նշանակէ սիրել ու կարեկից ըլլալ:

Մինչ Յիսուս տեսնելով ամբոխին վիճակը, որ անօթի էր, գութը շարժեցաւ եւ հրամայեց որ հաց բաժնեն ժողովուրդին : ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ կարելի չէ որ Աստուծոյ սիրտը անտարբեր մնալ ժողովուրդին դիմաց , որովհետեւ Սէրը չի հանդուրժեր անտարբերութիւնը, սիրել կը նշանակէ կարեկից ու ողորմած ըլլալ ըսաւ ան ընդգծելով որ «սա պայքարն է Յիսուսի՝ կարեկցութեան եւ անտարբերութեան միջեւ տարած պայքարը, անտարբերութիւն մը որ պատմութեան մէջ միշտ կը կրնկուի:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տալով որ սիրոյ հակառակը միայն ատելութիւն չէ այլ անտարբերութիւնն է յարեց «Կան շատ բարի մարդիկ , սակայն չեն հասկնար ուրիշին կարիքները. անոնք կարող չեն կարեկցելու, որովհետեւ Աստուծոյ սէրը չէ ներթափանցած անոնց սիրտերուն մէջ։ Քարոզի աւարտին Սրբազան Պապը հրաւիրեց Աստուծոյ մասին մտածել, Աստուած որ միշտ ինք է որ առաջին քայլը կը կատարէ։ Հրաւիրեց նաեւ աղօթել որպէսզի Տէրը մարդկութիւնը բուժէ սկսելով մեզմէ, Տէրը բուժէ մեր սիրտը՝ անտարբերութեան մշակոյթի հիւանդութենէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2019, 12:53
Կարդալ բոլորը >