Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապի 7 յունուարի քարոզը

Ինչ որ Աստուծմէ խնդրենք պիտի ստանանք , պայմանաւ որ յարգենք Աստուծոյ պատուիրանները եւ կատարենք այն ինչ որ Աստուծոյ հաճելի է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան եւ ամանորի տօներու կարճ դադարէն ետք, երկուշաբթի, 7 յունուար 2019-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ խօսքը կեդրոնացուց օրուան Սուրբ գրային ընթերցումին վրայ՝ քաղուած Յովհաննէս առաքեալի թուղթէն, ուր կը խօսուի Աստուծոյ մարդեղութեան մասին:

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը յիշել տալով, որ Աստուած շօշափելի կերպով ծնաւ կինէ մը, Ան շօշափելի կեանք ապրեցաւ ու մահացաւ, յորդորեց շօշափելի կերպով սիրել մեր եղբայրներն ու քոյրերը դիտել տալով, որ Աստուծոյ պատուիրանները առարկայական են եւ ոչ թէ գեղեցիկ խօսքեր:

Նորին Սրբութիւնը յորդորեց նաեւ աղօթել շօշափելիութեան խելագար սուրբերուն, որպէսզի օգնեն մեզի՝ ընթանալու առարկայական ուղիին վրայէն եւ զատորոշելու Տիրոջ խնդրած շօշափելի բաները  եւ ոչ թէ հետեւիլ սուտ մարգարէներուն խօսքեուն, ապա հաստատեցփէ  ինչ որ Աստուծմէ խնդրենք պիտի ստանանք, պայմանով որ յարգենք Աստուծոյ պատուիրանները եւ կատարենք այն ինչ, որ Աստուծոյ հաճելի է:

Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց, թէ Աստուծոյ մէջ մուտք գործելու համար դռները միշտ են բաց եւ որուն բանալին առաջարկուած է Յովհաննէս Առաքեալին կողմէ, որ է հաւատալ Յիսուս Քրիստոսի՝ Աստուծոյ Որդիին,  մէկը միւսին սիրելով եւ լոկ այսպէս կատարելով է, որ պիտի կարենանք խնդրել, այն ինչ որ կ՝ուզենք՝ քաջութեամբ եւ համարձակութեամբ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նկատել կու տայ որ քրիստոնեայի կեանքը նաեւ պայքար է, պայքար սուտ մարգարէներուն դէմ , որոնք կ՝առաջարկեն առանց մարմինի Քրիստոս մը , ընդգծելով որ քրիստոնեայի կեանքը խորքին մէջ շօշափելի կեանք  մըն է, հաւատալով Յիսուս Քրիստոսին, սակայն՝ պէտք է հոգեպէս հսկել, ըսաւ ան ապա հրաւիրեց ամէն օր, օրուան աւարտին, մի քանի վայրկեան ամփոփուիլ ՝ խոկալու համար մեր սիրտերուն մէջ պատահածի մասին , խոկալու համար մտայղացուած Տիրոջ խելագարութեան մասին, դիտել տալով, որ Սուրբ Հոգին երբեմն մեզ խենդութեան կը մղէ՝ Աստուծոյ խենդութիւններուն:

Նորին Սրբութիւնը եզրափակեց իր քարոզը յարելով որ Աստուծոյ ժողովուրդը միշտ յառաջ կ՝ընթանայ շօշափելիութեան մէջ՝ որ է սիրոյ, հաւատքի եւ եկեղեցւոյ շօշափելիութիւնը եւ սա եկեղեցւոյ կարգապահութեան իմաստն է:

Աստուած է, որ շօշափելի կերպով կնոջմէ մը ծնաւ. Աստուած շօշափելի կեանք ապրեցաւ ու մահացաւ . Ան մեզմէ կը խնդրէ, որ շօշափելի կերպով սիրենք մեր եղբայրներն ու քոյրերը նոյնիսկ եթէ՝ ոմանց դժուար է, որ կարենանք սիրել :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/01/2019, 13:24
Կարդալ բոլորը >