Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Սուրբ Ծննդեան տօնին պատրաստուիլ հաւատքի քաջութեամբ». Ֆրանչիսկոս Պապ։

Յիսուս հմայք կ՛արտայայտէ մարդոց հաւատքին դիմաց եւ կը յանդիմանէ թերահաւատները

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

10 դեկտեմբեր 2018-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խրախուսեց ներկաները յիսնակաց շրջանը ապրելու հաւատքի ուղիով։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանով Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած օրուան Աւետարանը ուր Յիսուս կը բուժէ անդամալոյծ մարդ մը, Սրբազան Պապը ակնարկեց այդ մարդու հաւատքին որ դպաւ Յիսուսին սրտին։

«Քաջութիւն կ՛ուզէր ծակ բանալու  առաստաղին մէջ, այս անդամալոյծին մահիճը Յիսուսին մօտ իջեցնելու համար» ըսաւ Սրբազան Պապը այդ քաջութիւնը վերագրելով հաւատքին։

«Յիսուս արդարեւ հմայք կը յայտնէ մարդոց հաւատքին դիմաց եւ կը յանդիմանէ թերահաւատները, առ այդ այսօր հայցենք շնորհքը հաւատքով պատրաստուելու Սուրբ Ծննդեան տօնին» յարեց Նորին Սրբութիւնը զգուշացնելով այդ տօնը տօնախմբելու աշխարհիկ կամ հեթանոսական հոգիով։ «Դիւրին չէ հաւատքը պահպանել ու պաշտպանել» աւելցուց ապա Սրբազան Պապը ու յորդորեց մեր հաւատքը յանձնել Աստուծոյ ու զայն պաշտպանել աշխարհի փորձութիւններէն, ապա հրաւիրեց կարդալ Յովհաննէսի Աւետարանի իններորդ գլուխը ուր կը պատմուի ի ծնէ կոյր մարդու բուժումին հրաշքը։

Սրբազան Քահանայապետը թելադրեց հուսկ այդ ընթերցումը աւարտել հաւատքի ներգործութեամբ ըսելով «կը հաւատամ Տէր, օգնէ իմ քիչ հաւատքս։ Պաշտպանէ հաւատքս աշխարհի հոգիէն, սնահաւատութենէն ու բոլոր այն բաներէն որոնք հաւատք չեն։ Պահպանէ զայն որպէսզի չի դառնայ լոկ տեսութիւն, այլ ըլլայ իսկական հաւատք. Հաւատալ Քեզի ով Տէր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/12/2018, 11:11
Կարդալ բոլորը >