Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Մարիամի Աւետումի դէպքը յեղաշրջեց պատմութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քահանայապետը հաստատեց թէ Աւետման պահը պատմութեան որոշիչ պահերէն մին է, յեղափոխական պահ մը որուն բերումով ամէն ինչ կը փոխուի:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 20 դեկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, շեշտը դրաւ Տիրամօր Աւետումին դրուագին վրայ, զայն նկատելով խորհուրդ մը որ յեղաշրջեց մարդուն պատմութիւնը։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնելով Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական հատուածէն  (Ղուկաս 1, 26-38) Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ Աւետման պահը պատմութեան  որոշիչ պահերէն մին է, յեղափոխական պահ մը որուն բերումով ամէն ինչ կը փոխուի ու պատմութիւնը կը յեղաշրջուի։

«Աստուած կը խոնարհի, մուտք կը գործէ մեր պատմութեան մէջ իր իւրօրինակ ոճով՝ անակնկալով։ Անակնկալներու Աստուածը մեզ դարձեալ կը զարմացնէ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը դժուար նկատելով այս նիւթին մասին քարոզելը ապա դարձեալ կարդաց աւետարանական վերոնշեալ հատուածը, հրաւիրելով ներկաները խորհրդածելու Աւետման դրուագի մասին։ «Ու Մարիամ ըսաւ ես աղախինն եմ Տիրոջ. թող ամէն բան ըլլայ ինծի քու խօսքիդ համաձայն»  եւ հրեշտակը մեկնեցաւ քովէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/12/2018, 10:20
Կարդալ բոլորը >