Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Տէրը ժայռն է, որուն վրայ պէտք է կառուցել մեր կեանքը»:

«Ըսել եւ գործել» քրիստոնէական կեանքը բնորոշող երկու տարբեր ուղեւորութիւններ ցոյց տուող բառեր են:»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Ըսել եւ գործել», «աւազ եւ ժայռ», «բարձր եւ ցած», երեք իրար հակասող բառեր, այս եղաւ ֆրանչիսկոս Պապին, Հինգշաբթի, 6 դեկտեմբերին, Տումուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին նիւթը:

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումները՝ քաղուած Մատթէոս աւետարանիչէն եւ Եսայի մարգարէի գիրքէն, Սրբազան Քահանայապետը նշեց,  «Ըսել եւ գործել» քրիստոնէական կեանքը բնորոշող երկու ուղեւորութիւններ ցոյց տուող բառեր են: Ըսելը, հաւատալու ձեւ մըն է սակայն՝ շատ մակերեսային: Հաւատացեալ մը իր քրիստոնէական կեանքի ուղեւորութեան կէսին կրնայ ըսել՝ ես քրիստոնեայ եմ, սակայն չկատարեր քրիստոնեայ բարի գործեր:  Այս մէկը կը նմանի ծպտուած քրիստոնեայի մը:» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա հաստատեց,« ըսելը՝ առանց գործելու,  խաբկանք կը նկատուի: Յիսուսի առաջարկը միշտ առարկայական եւ շօշափելի առաջարկ է: Յիսուսի տուած խորհուրդը, միշտ եղած է շօշափելի: Ողորմածութեան գործերը շօշափելի են եւս» նշեց Նորին Սրբութիւնը: Ան ապա անդրադառնալով «աւազ եւ ժայռ» իրար հակասող բառերուն, յարեց թէ անոնք տարբեր ուղղութիւններ ցոյց տուող բառեր են:

«Աւազը պինդ չէ. անիկա հետեւանքն է ըսելու, որ կը համապատասխանէ ծպտուած  քրիստոնեայի մը,  որ իր կեանքը կը կառուցէ առանց հիմքերուն: Ժայռը Տէրն է»  ըսաւ Նորին Սրբութիւնը « Անոր է որ կը վստահիմ, թէպէտ շատ անգամ կը պատահի թէ Տէրը կը փնտռենք՝ սակայն չենք գտներ զինք : Ան Թաքնուած է եւ չի յայտնուիր: Տէրը ամուր է,  Անոր յոյսը չի կայանար ըսելու մէջ ՝ հպարտութեան մէջ: Տէրը ժայռն է շօշափելի Քրիստոնեայ կեանքի, Ան մեզ կ՝առաջնորդէ մեր կեանք կառուցելու Աստուծոյ ժայռին վրայ, որ է Յիսուս, որ է ճշմարտութիւնը:

Երրորդ իրար հակասող բառեր «Բարձր եւ ցած:  Այս բառերը կը համապատասխանեն հպարտներու, ունայնութեան եւ հեզ բառերուն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մէջբերելով Եսայի Մարգարէին խօսքը «Տէրը քայքայեց անոնց, որոնք բարձունքներու վրայ կը բնակին. Ան տապալեց հսկայ քաղաքը՝ հողի վերածելով զայն:

Սրբազան Հայրը եզրափակեց իր քարոզը հրաւիրելով, որ յիսնակաց շրջանին, մենք մեզի հարց տանք , եթէ՝ ըսելու կամ գործելու քրիստոնեայ ենք: Եթէ՝ իմ կեանքս կը կառուցեմ Աստուծոյ ժայռին վրայ կամ ալ աշխարհականութեան աւազին վրայ, այսինքն ունայնութեան վրայ: Ի վերջոյ եթէ հեզ ենք  եւ միշտ կը ջանանք ցածէն ընթանալ առանց հպարտութեան ՝ Տիրոջ ծառայելու համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/12/2018, 12:10
Կարդալ բոլորը >