Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 3 դեկտեմբերի քարոզը:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ յիսնակաց շրջանի մասին ըսելով, որ յիսնակաց շրջանը ունի երեք ծաւալներ. անցեալը, ներկան եւ ապագան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան 

Երկուշաբթի, 3 դեկտեմբերին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին ներկայացուցած քարոզին նիւթը եղաւ յիսնակաց շրջանը։ Նորին Սրբութիւնը զայն նկատեց առիթ Յիսուսի ծնունդը լիուլի հասկնալու եւ Աստուածորդոյն հետ առանձնական յարաբերութիւն մշակելու:

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը՝ քաղուած Մաթտէոս աւետարանիչէն, ուր կը խօսուի Գափարնաումի մէջ Յիսուսի եւ հարիւրապետի միջեւ կայացած հանդիպումին մասին որուն ընթացքին հարիւրապետը Յիսուսէ կը խնդրէ որ իր անդամալոյծ ծառան բժշկէ , Սրբազան Հայր, յարեց թէ այսօր եւս, հաւատքը մեզի վարժութիւն կը դառնայ եւ կը մոռնանք հաւատքի կենսունակութիւնը : Երբ հաւատքը մեզի վարժութեան կը դառնայ կը կորսնցնենք հաւատքի զօրութիւնը , այն հաւատքի նորութիւնը, որ միշտ կը վերանորոգէ:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադառնալով յիսնակաց շրջանին, որ լատին ծէսին համաձայն սկիզբ առաւ երէկ, դիտել տուաւ որ յիսնակաց շրջանը ունի երեք ծաւալներ. անցեալը, ապագան եւ ներկան: Յիսնակացի առաջին ծաւալը ապագան է, որ է յիշողութեան բիւրեղացումը, յիշել որ ծնունդ առնողը տօնածառը չէ թէպէտ՝ անիկա գեղեցիկ նշան է, այլ Յիսուս Քրիստոսն է՝ Բեթղեհէմի մէջ : Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացուց ծնունդի տօնը աշխարհիկութեան տօնի վերածելէ յորդորելով որ պէտք չէ մոռնանք Յիսուսին ծնունդի իսկական իմաստը:

Ան ապա անդրադարձաւ յիսնակաց շրջանի այլ ծաւալին, որ է յոյսի բիւրեղացումը: Յիսնակաց շրջանը կը ծառայէ նաեւ յոյսի բիրեղացման, Տիրոջ հետ վերջնական հանդիպումի լաւ պատրաստուելու համար: Բեթղեհէմի մէջ եղող Տէրը պիտի վերադառնայ մեր հետ առանձնական հանդիպում ունենալու եւ մեր կեանքի ողեւորութեան մասին հարցնելու::

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց ամէն օր հաւաքի ծաւալը մշակելու՝ հակառակ մեր մեր կեանքի մտահոգութիւններուն, խնամելով մեր սեփական ներքին տունը: Ան դիտել տուաւ որ մեր Աստուածը անակնկալի Աստուածն եւ քրիստոնեաները ամէն օր պէտք են անդրադառնալ երկնաւոր Հօր նշաններուն, որ այսօր մեր հետ կը խօսի:

Սրբազան Հայր քարոզը աւարտեց նշելով որ հսկում եւ աղօթք յիսնակաց շրջանի երկու բառեր են, որովհետեւ Տէրը բեթղեհէմի մէջ պատմութեան մէջ մտաւ: Ան պիտի վերադառայ աշխարհի կատարումին ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր հաւատացեալին կեանքին վերջին օրը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/12/2018, 13:14
Կարդալ բոլորը >