Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Թոյլ տանք Աստուծոյ որ մեզ մխիթարէ:»

Ժամանակից աշխարհին մէջ քնքշութիւն բառը ջնջուած է բառարանէն եւ բոլորս թիրախ ենք հոգեւոր յոռետեսութեան :

Երեքշաբթի, 11 դեկտեմբերին,Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ խօսքը կեդրոնացնելով Տիրոջ մեզի ընծայած քնքուշ մխիթարանքի վրայ, յորդորեց առանց դիմադրութեան թոյլ տալ Աստուծոյ որ մեզ մխիթարէ՝ :

Մեկնաբանելով օրուան՝ Եսայի Մարգարէի գիրքէն քաղուած հատուածը «մխիթարեցէք, մխիթարեցէք իմ ժողովուրդս կ՝ըսէ ձեր Աստուածը» Սրբազան Հայրը նշեց թէ այդ մէկը մխիթարութեան հրաւէր մըն է, փրկուած ըլլալու բարի լուրը, որ է փրկութեան սփոփանքը:

Ան ապա նկատել տուաւ որ Քրիստոս Յարութիւնէն ետք, քառասուն օր իր աշակերտներուն մօտ մնաց զանոնք մխիթարեթու համար, սակայն, ըսաւ Քահանայապետը մենք քրիստոնեաներս ՝ դիմադրութիւն ցոյց կու տանք եւ կը մերժենք Տիրոջ սփոփանքը, կարծես թէ ապահով ըլլայինք հարցերու փոթորիկին մէջ:

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացուց քնքշութեան վրայ նշելով որ ժամանակից աշխարհին մէջ քնքշութիւն բառը ջնջուած է բառարանէն եւ բոլորս թիրախ ենք հոգեւոր յոռետեսութեան :

Ան օրինակ բերաւ հրապարակային ունկնդրութիւններուն ընթացքին ծնողներու կողմէ իրեն մօտեցած մանուկներուն վարուելակերպը։ Անոնցմէ ոմանք երբ զիս կը տեսնեն կը ըսկին լալ սպիտակ հագուստով մարդը նմանեցնելով բժիշկի մը որ մի գուցէ իրենց անգամ մը եւս ասեղ պիտի զարնէ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով որ մենք եւս շատ անգամ կը նմանինք այդ մանուկներուն ու կը դիմադրենք Տիրոջ։ Սակայն Տէրը կ՛ուզէ մեզ մխիթարել ու ադդ մէկը կ՛ընէ քնքշութեամբ որովհետեւ քնքշութիւնը մխիթարական է ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով մայրերու իրենց մանուկներուն ցուցաբերած քնքշութեան։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները, թոյլ տալ որ Յիսուս մխիթարէ զանոնք ՝առ աւելի ըսաւ Ան Քրիստոնեային սովորական վիճակը ըլլալու է մխիթարութիւնը ՝ նոյնիսկ Կեանքի դժուար պահերուն, յուսաբեկումի տխուր պահերուն քրիստոնեան չկրնար խաղաղութիւնը կորսնցնել որովհետեւ խաղաղութիւնը Տիրոջ բոլորիս ընծայած պարգեւն է նոյնիսկ մեր կեանքի ամենէն խաւար պահերուն, յարեց Սրբազան Պապը ապա դարձեալ խրախուսեց դիմադրութիւն չի ցուցաբերել Տիրոջ առջեւ հուսկ հրաւիրեց Սուրբ Ծննդեան տօնին պատրաստութեան շրջանին Տիրոջմէ հայցել խաղաղութեան շնորհքը ու թոյլ տալ որ մեր սրտին դրան առջեւ կանգնած Յիսուսը ներս մտնէ, որովհետեւ Ան կ՛ուզէ մեզ մխիթարել իր անհուն քնքշութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2018, 12:21
Կարդալ բոլորը >