Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Քրիստոսը հռչակելը «մարքեթինկ» չէ այլ կեանքի հետեւողականութիւն».

Քրիստոսը վկայելը կեանքի հետեւողականութիւն կը պահանջէ ։

Ռոպէր Աթթարեա - Վատիկան

Ուրբաթ 30 նոյեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ հրաւիրեց մօտիկ ըլլալ Կ. Պոլսոյ Եկեղեցւոյ որ այսօր կը տօնախմբէ Սուրբ Անդրէասի տօնը, ապա աղօթեց եկեղեցւոյ միութեան համար ու բացատրեց թէ Քրիստոսը վկայելը կը պահանջէ կեանքի հետեւողականութիւն։

Ունկնդրէ լուրը

Քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ թէ Յիսուս Քրիստոսը հռչակելը «գովազդային» աշխատանք մը չէ եւ ոչ ալ հոգեորսորդութիւն։ Ան «մարքեթինկ» չէ այլ կեանքի հետեւողականութիւն։ Քրիստոսը հռչակելու համար չի բաւեր քարոզութիւն կատարել, այլ հարկ է մեր կեանքը վտանգել, զոհել մեր ժամանակը, մեր շահերը ու նոյնիսկ մեր մարմինը։

«Յիսուս կը հռչակուի խօսքով եւ վկայութեամբ ու ասոր համար հարկաւոր է կեանքի հետեւողականութիւնը, որովհետեւ հռչակողը վկայ մըն է որ իր կեանքը կը վտանգէ։ Հռչակողը ապա մարտիրոս մըն է - ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «Մարտիրոսները՝ մարդիկ եւ կիներ են, որոնք իրենց կեանքը կը զոհեն ու նաեւ մարդիկ եւ կիներ որոնք ամէն օր իրենց կեանքով Քրիստոսը կը վկայեն լրութեան մէջ, իրենց օրինակելի ապրելակերպով» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ բոլորս ալ մկրտութեան միջոցաւ առաքելութիւնը ունինք հռչակելու Յիսուս Քրիստոսը ու թէ այս մէկը ընելու համար պէտք է ապրինք հետեւողական կեանք ,որպէսզի գայթակղութեան առիթ չի դառնանք։

«Եթէ մենք ապրինք խօսքի եւ ապրելակերպի միջեւ հետեւողական կեանք մը, մեր առաքելութիւնը կ՛ըլլայ պտղաբեր, իսկ եթէ ապրինք առանց հետեւողականութեան, բան մը ըսելով ու անոր հակառակ վարմունք ունենալով, ասոր հետեւանքը գայթակղութիւնն է, ու երբ այդ գայթակղութիւնը կու գայ քրիստոնեաներէն, մեծ չարիք կը հասցնէ Աստուծոյ ժողովուրդին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ որ քարոզի աւարտին Տիրոջմէ հայցեց շնորհքը ըլլալու Պետրոս, Անդրէաս, Յակոբ եւ Յովհաննէս առաքեալներու նման, որոնք ամէն ինչ թողուցին՝ նաւակ, ուրականներ, ծնողք եւ ընտանիք…ամէն այն բաները որ  արգելք են յառաջ տանելու առաքելութիւնը ու վկայելու Յիսուս Քրիստոսը, որպէսի մարդիկ հաւատան» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2018, 11:09
Կարդալ բոլորը >