Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 8 նոյեմբերի քարոզը: Հեռու մնանք բամբասանքի մեղքէն:

«Ողորմութիւն կ՝ուզեմ եւ ոչ թէ զոհ»:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 8 նոյեմբերին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Սրբազան Պապը զգուշացուց անհատական, ընտանեկան եւ ժողովրդապետութիւններուն մէջ բամբասանքի մեղքը կատարելէ , դիտել տալով որ աշխարհի տրամաբանութիւնը հակառակ է Աւետարանի տրամաբանութեան:

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը քաղուած Ղուկասի աւետարանէն, ուր կը խօսուի Յիսուսի՝ մեղաւորներուն եւ մաքսաւորներուն հետ կերակուր ուտելու մասին, եւ անդին Փարիսեցիներն ու դպիրները կը տրտնջէին ըսելով « այս մարդը մեղաւորները կ՝ընդունի եւ անոնց հետ կ՝ուտէ:» (Ղուկ 15, 10)

Սրբազան Հայրը շեշտը կը դնէ Յիսուսի տուած վկայութեան վրայ, ողորմածութեան վկայութիւնը, ինչ որ դպիրները լաւ չէին հասկցած Յիսուսի այն խօսքը ուր կ՝ըսէ « ողորմութիւն կ՝ուզեմ եւ ոչ թէ զոհ: Յիսուս իր ապրելակերպով ողորմութիւն հռչակեց, վկայելով զայն Ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով որ եկեղեցին կ՝աճի վկայութիւններ տալով, նկատել տալով նաեւ որ վկայութիւնը միշտ սովորութիւնը կը խախտէ եւ մեզ վտանգի կը մատնէ:

Յիսուսի մեղաւորներուն հետ կերակուր ուտելու վկայութիւնը պատճառ կը դառնայ Փարիսեցիներու ու եւ դպիրներու բամբասանքին : Անոնք փոխանակ ըսելու որ Յիսուս բարի մարդ մըն է, որովհետեւ կ՝ուզէ մեղաւորները դարձի բերել, կը բամբասեն ըսելով որ մեղաւորները կ՝ընդունի յարեց Սրբազան Հայրը ապա դիտել տուաւ որ այս բամբասանքի մեղքը, մենք եւս կը կատարենք մեր ամենօրեայ կեանքին մէջ, մեր ժողովրդապետութիւններուն մէջ՝ այն ժամանակ երբ բան մը կամ անձ մը չենք հաւնիր եւ կը սկսինք բամբասել:

Սրբազան Հայրը ապա կը յորդորէ խուսափիլ փարիսեցիներուն եւ դպիրներուն տրամաբանութենէն, որ կը կայանայ ամէն ինչ հաշիւ ընելու մէջ. դպիրները չեն թողուր 99 ոչխարները, մէկ ոչխար մը փրկելու համար, անոնք իրենց ձեռքերը մաքուր կը պահեն, հեռու մնալով մեղաւորներէն:

Այս տեսակ մարդիկը ըսաւ Սրբազան Հայրը չեն գիտեր ինչ կը նշանակէ ուրախութիւն եւ բոլոր անոնք որոնք դպիրներու ուղիին կը հետեւին չեն ճանչնար աւետարանի ուրախութիւնը:

Սրբազան Հայրը քարոզը աւարտեց հայցելով Աստուծմէ որ բոլորիս շնորհէ աւետարանի տրամաբանութիւնը հասկնալու շնորհքը, որ հակառակ է աշխարհի տրամաբանութեան :

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2018, 13:34
Կարդալ բոլորը >