Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եկեղեցին կ՝աճի լռութեան մէջ առանց հանդիսութիւններու»:

Եկեղեցին կ՝աճի նաեւ մարտիրոսներուն արիւնով, իրենց կեանքը զոհող բազմաթիւ այր մարդոցմով ու կիներով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 15 նոյեմբերին, Վատիկանի Տումոս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագին ընթացքին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը5 որպէս քարոզի նիւթ ընտրեց Ղուկաս Աւետարանէն քաղուած օրուան ընթերցումը, ուր Յիսուս կը պատմէ սերմանողի առակը:

Նորին Սրբութիւն դիտել տուաւ, որ սերմանողը գիշեր ցերեկ սերմ կը ցանէ, սակայն Աստուած է որ զայն կ՝աճեցնէ ու անոր պտուղները վերջն է, որ կը տեսնուին: Այսպէս նաեւ եկեղեցին, լռութեան եւ թաքուն կերպով կ՝աճի եւ սա  է եկեղեցական ապրելաձեւը:

«Եկեղեցւոյ բարի գործերուն պտուղները կը յայտնաբերուին, երբ՝ մարդիկ կը սկսին երկինքի մէջ Աստուած տեսնել ու Զայն Փառաբանել:» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց «եկեղեցին կ՝աճի վկայութիւններով, աղօթքով եւ Սուրբ Հոգիին հրապոյրով, որ իր մէջ կը գտնուի:»

«Եկեղեցին չ՝աճիր հանդիսութիւններու միջոցաւ, թէպէտ անոնք անհրաժեշտ ու օգտակար են.եԵկեղեցւոյ սեփական աճումը կը կայանայ լռութեան եւ թաքուն կերպով պտուղներ տալու մէջ՝ բարի գործեր կատարելով, ինչպէս նաեւ Տիրոջ Զատիկը նշելով, Աստուած փառաբանելով», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա զգուշացուց հեռու մնալ այն գայթակղութենէն, որ է հանդիսութիւններու ու ձեռնակներու միջոցաւ ցոյց տալ եկեղեցւոյ յաջողութիւններն ու անոր փայլունութիւնը, նկատել տալով, որ Յիսուս Փրկագործութեան ծրագիրը կրնար մէկ հրաշքով մը ամբողջացնել, աակայն Ան ընտրեց քարոզչութեան, աղօթքի ու բարի գործերու ուղին, ինչպէս նաեւ խաչի ու տառապանքի ուղին:

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը եզրափակեց ըսելով.«Եկեղեցին կ՝աճի նաեւ մարտիրոսներուն արիւնով, իրենց կեանքը զոհող բազմաթիւ այր մարդոցմով ու կիներով, որոնք աշխարհին կողմէ ծածկուած են, որովհետեւ աշխարհը չի հանդուրժեր մարտիրոսութիւնը:»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/11/2018, 12:20
Կարդալ բոլորը >