Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 12 նոյեմբերի քարոզը. «եպիսկոպոսը ծառայ մըն է եւ ոչ թէ իշխան մը:»

Եպիսկոպոսը՝ իբրեւ Աստուծոյ տնտես, պէտք է ըլլայ անարատ, ոչ յանդուգն, ոչ արբեցող, ոչ անպարկեշտ, ոչ ագահ եւ ոչ բարկացող:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 12 նոյեմբերին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը անդրադառնալով օրուան ծիսական տօնին՝ Սուրբ Ճոզֆաթ եպիսկոպոսի տօնին, խօսեցաւ Եպիսկոպոսի դիմագիծին մասին :

Ներշնչուելով օրուան սուրբ Գրային ընթերցումէն քաղուած Պօղոս առաքեալին Տիտոսի ուղղուած թուղթէն, ուր խօսուի եպիսկոպոսի յատկութիւններուն մասին

Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ որ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան օրէն ի վեր, եկեղեցւոյ մէջ երբեք չեն պակսած անկարգութիւնները, հարցերն ու խռովութիւնները: Եկեղեցին այդ հարցերը լուծելու համար գումարած է տիեզերական ժողովներ, ինչպէս Երուսաղեմի տիեզերական առաջին ժողովը:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով Սուրբ Պօղոսի Տիտոսի ուղղած նամակին յարեց, թէ Սուրբ Պօղոս, Տիտոսին Կրետէ թողուց, որպէսզի ան ամէն ինչ կարգի դնէ, յիշեցնելով անոր հաւատքի կարեւորութիւնը եւ ցուցմունքներ տալով՝ եպիսկոպոս ընտրուելու չափանիշերուն մասին: Սուրբ Պօղոս եպիսկոպոսը կը սահմանէ, որպէս բարի տնտես եւ ոչ թէ հարստութիւններուն կամ իշխանութիւններուն մատակարար, հետեւաբար ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Եպիսկոպոսը՝ իբրեւ Աստուծոյ տնտես, պէտք է ըլլայ անարատ, ոչ յանդուգն, ոչ արբեցող, ոչ անպարկեշտ, ոչ ագահ եւ ոչ բարկացող: Եպիսկոպոսը պէտք է ըլլայ հիւրասէր, բարեսէր, խոհեմ, արդար, հաւատարիմ Խօսքին ու վարդապետութեան::

Նորին Սրբութիւնը քարոզը եզրափակեց դիտել տալով, որ չէ կարելի կարգ կանոն դնել եկեղեցւոյ մէջ առանց վերոյիշեալ եպիսկոպոսներուն յատկութիւններուն: Աստուծոյ համար կարեւորը՝ հեզ ու բարի ըլլալն է եւ ոչ թէ լաւ քարոզողներ: Ան խնդեց որ աղօթենք եպիսկոպոսներուն համար, որպէսզի անոնք ըլլան այնպէս ինչպէս որ սուրբ Պօղոս կը խնդրէ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/11/2018, 13:05
Կարդալ բոլորը >