Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապի 26 նոյեմբերի քարոզը «Վեհանձն Հոգին սիրտը կը լայնցնէ»։

Վեհանձնութեան միջոցաւ կարող ենք հրաշքներ գործել:

Երկուշաբթի, 26 նոյեմբերին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ, մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի այն այրի կնոջ մասին որ իր ունեցած վերջին լումաները կը դնէ տաճարի գանձանակին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ, սպառողականութիւնը նկատելով որպէս հիւանդութիւն, հրաւիրեց գերազանցել զայն եւ դառնալ մեծահոգի, վեհանձն ՝հանդէպ կարիքաւորներուն:

«Վեհանձնութիւնը, ամէնօրեայ իրողութիւնը մըն է, բան մը որուն մասին պէտք չէ մտածել:Մտաբերենք, քանի աւելորդ հագուստներ, կօշիկներ ունինք մեր պահարաններուն մէջ որոնք ոչ իսկ կ՝օգտագործենք. զանոնք կարիքաւորներուն նուիրելը, վեհանձնութեան, մեծահոգի ըլլալու ձեւն մըն է» ըսաւ Սրբազան Հայրը, աւելցնելով որ այսօրուան աւետարանին պատգամը մեծի մտածել կու տայ սոյն վեհանձնութեան մասին, որ կը կայանայ փոքրիկ իրողութիւններուն մէջ:

Անդրադառնալով ապա սպառողականութեան հիւանդութեան մասին, Նորին Սրբութիւնը զայն նկատեց վեհանձնութեան հակառակորդը ու հիւանդութիւն:

«Սպառողականութիւնը հիւանդութիւն մըն է։ Այս ըսել չէ թէ բոլորս անոր կը դիմենք սակայն սպառողականութիւնը դարձած է հիւանդութիւն՝ ամէն օր բան մը գնել, նոյնիսկ բաներ որոնց ոչ իսկ պէտքը ունինք. Այս կը կատարենք պարզապէս գնելու համար: «Խնայողութեան պակաս է սա ու այս մէկը մեծահոգութեան թշնամին է» նշեց Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատելով թէ վեհանձնութեան միջոցաւ մենք կարող ենք հրաշքներ գործել։ Փոքրիկ բաներ նուիրելով։ Աղքատներուն մտածելով։ Ի տես աշխարհի աղքատութեան մասին ներկայացուցած վիճակագրութիւններուն, ի տես անօթութենէն մահացած մանուկներուն, կամ դեղորայքէ զրկուածներուն, լաւ է հարց տալ «ի՞նչ կարող եմ ընել այս հարցը լուծելու համար» թելադրեց Սրբազան Պապը մատնանշելով որ բարիք կատարելը ծնունդ կ՝առնէ մտահոգութենէն՝ ուրիշին մասին մտահոգուելով։

Ան ապա ակնարկելով դարձեալ աւետարանական հատուածին ըսաւ. Այն հարուստները որ դրամ կը դնէին գանձանակին մէջ բարի էին, սակայն այրի կինը սուրբ էր» հուսկ քաջալերեց քալել վեհանձնութեան ուղիին վրայ ու աղօթել Տիրոջ, որպէսզի մեզ ձերբազատէ սպառողականութեան չարիքէն։ Հայցենք անորմէ որ մեզի պարգեւէ շնորհքը վեհանձնութեան որ սրտերը կը լայնցնէ ու մեզ կը տանի մեծահոգութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2018, 11:46
Կարդալ բոլորը >