Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պահապան հրեշտակները մեր կեանքի ուղեցոյց են»։

Կեանքի ուղեւորութեան ընթացքին չմոռնանք մեզ ընկերացող հրեշտակները:

Երեքշաբթի, նոյեմբեր 2-ին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լատին Ամերիկիոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի նորօծ առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Պօղոս եպիսկոպոս Հէքիմեանը:

Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը խօսքը կեդրոնացուց, օրուան ծիսական տօնին՝ պահապան հրեշտակներուն վրայ:

Մեկնելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումէն՝ քաղուած Ելից գիրքէն, ուր Տէրը իր հրեշտակը կ՝ուղարկէ որպէս առաջնորդ ու պահապան ժողովուրդի ուղեւորութեան, Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ մեր կեանքի ուղեւորութեան մէջ հրեշտակներ մեր ընկերներն են, մեր պահապանները ինչպէս նաեւ «մարդկային կողմնացոյցները» որոնք մեր քայլերը կ՛առաջնորդեն ու մեզ կը պաշտպանեն վտանգներէ, որոնց շարքին Սրբազան Հայրը նշեց երեք հիմնական վտանգներ .

Կեանքի ուղեւորութեան մէջ անշարժ մնալու վտանգը : Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, թէ մարդոցմէ քանիներ տեղ մը հասնին, ապա անշարժ կը մնան իրենց կեանքին մէջ, առանց շարժելու եւ առանց բան մը կատարելու: Վտանգ մըն է սա ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, օրինակ բերելով աւետարանի այն մարդը որ քանքարը չուզեց օգտագործել, ու զայն պահեց հողին տակ, իր անձին հետ խաղաղ ապրելով ու մերժելով արկածախնդրութիւնը, որպէսզի սխալի մէջ չիյնայ։ Բազմաթիւ մարդիկ արդարեւ վախ ունին յառաջ ընթանալէ եւ կանգ կ՛առնեն սակայն մենք գիտենք թէ կեանքին մէջ անշարժ մնացողը ի վերջոյ կաշառակեր կը դառնայ, ՝ջուրի նման որ երբ անշարժ է կ՛ապականի։ Հրեշտակն է որ մեզ կ՛օգնէ քալելու յարեց Նորին Սրբութիւնը ու ակնարկեց Երկու այլ վտանգներու՝ սխալ ճամբայ առնելու վտանգը, որ միայն սկիզբը դիւրին է սրբագրել , ապա ճանապարհորդութիւնը կիսատ թողելու վտանգը։ Այնտեղ է որ ներկայ է պահապան հրեշտակը, մեզ օգնելու համար որպէս սխալ ճամբայ չ՝առնենք ու քալենք շիտակ ճանապարհին վրայ, այս մէկը սակայն կը կարօտի մեր աղօքին եւ մեր օգնութեան խնդրանքին յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ ու քարոզի աւարտին խօսելով կեանքին մէջ պահապան հրեշտակի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան մասին: յարեց թէ Հրեշտակները ոչ միայն մեզ կ՝օգնեն լաւ ընթանալու համար մեր կեանքի մէջ , այլեւ անոնք մեզի ցոյց կու տան մեր ժամանումի վայրը:

Պահապան Հրեշտակներ ոչ միայն մեր հետը կը գտնուին այլ՝ անոնք Աստուած կը տեսնեն: Անոնք միշտ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ են: Հրեշտակը մեր եւ Աստուծոյ միջեւ կապն է, Ան կը մեզ կ՝օգնէ ընթանալու, որովհետև Ան Աստուծոյ կը նայի ,որ լաւ կը ճանչնայ ճանապարհը – ըսաւ Նորին Սրբութիւն խրախուսելով ներկաները «չի մոռնալ կեանքի ուղեւորութեան այդ ընկերները»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/10/2018, 08:41
Կարդալ բոլորը >