Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբեր 11-ի քարոզը: Որպէս բարեկամ աղօթել Աստուծոյ:

Յիսուս՝ մեր բարեկամը մեզմէ կը խնդրէ, որ իրեն դիմենք աներեսութեամբ, համարձակութեամբ եւ ժուժկալութեամբ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 11-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւ աղօթքի կարեւորութեան վրայ յորդորելով, աղօթել քաջութեամբ եւ Աստուծոյ դիմել, որպէս բարեկամ մը, որուն յոյժ կարիքը ունինք: Աստուած բարեկամ է : Հարուստ բարեկամ, հաց ունեցող բարեկամ մը : Ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով որ Յիսուս՝ մեր բարեկամը մեզմէ կը խնդրէ, որ իրեն դիմենք աներեսութեամբ, համարձակութեամբ, ժուժկալութեամբ եւ անխոնջօրէն, որովհետեւ ինչ որ իրմէ խնդրենք պիտի տրուի մեզի:

Մեկնաբանելով օրուան աւետարանը քաղուած ՝ Ղուկաս Աւետարանիչէն, ուր Յիսուս աշակերտներուն կը խօսի աղօթքի զօրութեան մասին (Ղուկաս 11 , 13) Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ աղօթքը աշխատանք մըն է, որ կամք ու յարատեւութիւն կը պահանջէ եւ մեզմէ կը խնդրէ որ վճռակամ ըլլանք ՝առանց ամչնալու, որովհետեւ բարեկամի տան դուռն է որ կը բախենք:  Բարեկամի մը հետ կրնանք մեր ուզածին պէս վերաբերիլ ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա օրինակ բերաւ Սրբուհի Մոնիքայէն , որ երկար տարիներ շարունակ  Աստուծոյ աղօթեց  որ դարձի բերէ իր զաւակը՝ Օգոստինոսը: ի Վերջոյ Ատուած կատարեց Սրբուհիին խնդրանքը:

Սրբազան Հայրը  այլ օրինակ մը բերաւ շփացած մանկուկներէն, որոնք երբ բան մը կ՝ուզեն՝ իրենց ծնողներէն, անդադար կու լան բացականչելով կ՝ուզեմ կ՝ուզեմ: Ի վերջոյ լալկան մանուկին ծնողքը կը կատարէ անոնց խնդրանքը: 

Ան ապա հարց տալով արդեօք Աստուած չի բարկանար, Իր հետ վերաբերելէ լալկան  մանուկներուն նման, Սրբազան Հայրը մէջբերեց Յիսուսի խօսքը «դուք որ չար էք, գիտէք բարի բաներ տալ ձեր զաւակներուն, որքան աւելի երկնաւոր Հայրը պիտի տայ Սուրբ Հոգին անոնց ՝որ կը խնդրեն»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2018, 11:36
Կարդալ բոլորը >