Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

ֆրանչիսկոս Պապին 25 հոկտեմբերի քարոզը: Ո՞վ է Յիսուսը ինծի համար:

Յիսուսը ճանչնալու համար պէտք է մեկնիլ մեր կեանքի փորձարութենէն եւ մեր սրտի խորքէն:

Հինգշաբթի, 25 հոկտեմբերին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Հայր հրաւէր ուղղեց Յիսուսը եւ մեր անձը լաւ ճանչնալու:

Սուրբ Պօղոս Առաքեալի Եփեսացիներուն ուղղուած օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն մեկնելով, Քահանայապետը յորդորեց մենք մեզի հարց տալ թէ շօշափելի կերպով ո՞վ է Յիսուսը մեր կեանքին մէջ: Ի՞նչ է մեր ծանօթութիւնը Յիսուսի նկատմամբ: Եւ այս հարցումներուն, որպէս պատասխան յանձնարարեց դիմել մեր սրտին, փորձառութեան։ «Յիսուսը լաւ ճանչնալու համար պէտք ենք մեկնիլ մեր կեանքի փորձառութենէն եւ մեր սիրտէն» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով Սուրբ Պօղոսին, որ մեզի կը յայտնէ թէ ինք Յիսուս Քրիստոսը ճանչցաւ կեանքի փորձառութեան ընթացքին, երբ ձիու վրայէն ինկաւ եւ երբ Տէրը անոր սիրտին խօսեցաւ:

Սուրբ Պօղոս Քրիստոսը չճանչցաւ Աստուածաբանութիւն ուսանելով ։ Ան վերոնշեալ հարցումին թէ ով է Քրիստոսը քեզի համար կը պատասխանէ իր կեանքի փորձութեամբ. «Տէրը զիս սիրեց եւ ինքզինք յանձնեց ինծի համար»։

Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա Յիսուսը լաւ ճանչնալու համար յորդորեց երկու կէտեր: Առաջինը այն է հաւատքը, աղօթել ու Սուրբ Պօղոսի նման մեկնիլ ինքնաճանաչումէն, այսինքն մեր մեղաւոր վիճակի գիտակցութենէն: «Առանց այս ճանաչողութեան, առանց այս ներքին դաւանանքին՝ որով ես ինքզինքս մեղաւոր կը զգամ, ոչ մէկ տեղ կրնանք երթալ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով չ՝ըլլալ միայն խօսքի քրիստոնեաներ այլ քրիստոնեաներ որոնք իրենց կեանքին մէջ կ՛ապրին այն ինչ որ Յիսուս սորվեցուց ու սերմանեց սրտերուն մէջ ։

Առաջին քայլը ինքնաճանաչողութիւնն է՝ մեղաւորներ ենք ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ իսկ երկրորդ քայլը աղօթքն է ուղղուած Տիրոջ որ իր զօրութեամբ մեզի յայտնէ Յիսուսին խորհուրդը որ է աշխարհ բերած անոր կրակը, յարեց Սրբազան Հայրը ու քարոզը աւարտեց յորդորելով սովորութիւն դարձնել ամէն օր Տիրոջ աղօթել ըսելով «Տէր թոյլ տուր որ քեզ եւ իմ անձս ճանչնամ»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2018, 11:54
Կարդալ բոլորը >