Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբեր 23-ի քարոզը: Քրիստոնէական յոյսը:

Քրիստոնէական յոյսը շօշափելի է Սուրբ Հաղորդութեան մէջ Յիսուսի հետ ամենօրեայ հանդիպումով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, 23 հոկտեմբերին, առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին առանցքը եղաւ քրիստոնէական յոյսը, նկատել տալով, որ յոյսը վերացական գաղափար մը չէ, այլ անիկա կը նշանակէ ապրիլ, սպասելով Յիսուսի հետ շօշափելի հանդիպումին:

Ֆրանչիսկոս Պապ այսօրուան քարոզին սկիզբը մեկնաբանեց « քաղաքացիութիւն» եւ «ժառանգութիւն» երկու բառեր՝ քաղուած Սուրբ Սուրբ Պօղոս առաքեալին, Եփեսացիներուն ուղղուած, օրուան Սուրբ գրային ընթերցումէն: (Եփս 2,12-22).

«Քաղաքացիութիւնը», ըսաւ Սրբազան Հայրը Պարգեւ մըն է զոր Աստուած ըրաւ մեզի: Աստուած բոլորս քաղաքացիներ դարձուց մեզի տալով ինքնաթուղթ մը: Աստուած օրէնքը ջնջեց մեզ հաշտեցնելու համար: Աստուած թշնամութիւնը վերացուց, որպէսզի բոլորս՝ մէկ հոգիով Հօր ներկայանանք,  Յիսուսի մէջ՝  որպէս սուրբերու քաղաքացիներ: Յիսուս մեզ բոլորս բուժեց եւ բոլորս մէկ հասարակութիւն ըրաւ ունենալով մեր մէջ Սուրբ Հոգին: Ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա մեկնաբանեց ժառանգութիւն բառը.

«Որպէս մէկ հասարակութիւն, Աստուած մեզ քալել կու տայ դէպի ժառանգութիւն՝ վստահութեամբ եւ Աստուծոյ առաջնորդութեամբ: Յոյսը, դէպի ժառանգութիւն տանող իրողութիւն է: Ան առաքինութիւններուն ամենէն փոքրիկ առաքինութիւնն է,  սակայն ամենէն դժուար ըմբռնելիք եւ միեւնոյն ժամանակ ամենէն հեզ առաքինութիւնն է, որ յուսախաբութեան չմատներ:

Յոյս՝ երկինքի, սուրբերու հետ հանդիպումի եւ յաւիտենական երջանկութեան: :

Յոյսի մէջ ապրիլ կը նշանակէ ընթանալ դէպի երջանկութիւն, որ տակաւին չունինք այս աշխարհին մէջ, սակայն զայն պիտի ստանանք անդենական կեանքին մէջ:

Յոյսը, մեր ժառանգութիւնը, վերացական գաղափար մը չէ, անիկա հանդիպում է: Յիսուսի հետ հանդիպելու յոյս:

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց նշելով, որ յոյսը շօշափելի եւ ամենօրեայ է, որովհետեւ անիկա հանդիպում է: Ամէն անգամ, որ Յիսուսին կը հանդիպինք՝ Սուրբ Հաղորդութեան մէջ, աղօթքի, աւետարանի, աղքատներուն եւ մեր հասարակաց կեանքի մէջ, փոքրիկ քայլ կատարած կ՝ըլլանք դէպի Յիսուսի հետ վերջնական հանդիպում:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2018, 12:38
Կարդալ բոլորը >