Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբեր 19-ի քարոզը:

Սուրբ Հոգին, Քրիստոնեաներուն փրկութեան թթխմորն է :

Ուրբաթ, հոկտեմբեր 19-ին, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ ներկայացուցած քարոզին մէջ խօսեցաւ երկու տեսակ թթխմորի մասին . դէպի ներս եւ դէպի դուրս աճող թթխմորներ:

Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան աւետարանը ներկայացուց իրար հակասող եւ տարբեր ձեւով աճող երկու տեսակ անձեր:

Յիսուս կը զգուշացնէ կործանիչ չար թթխմորէն, որ կ՝աճի դէպի ներս, ինչպէս այդ ժամանակուայ Փարիսեցիներուն ու օրէնսգէտներուն թթխմորը, այսինքն կեղծաւորութիւնը, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ այդ անձերը անձնասէր ու կեղծաւոր մարդիկ են, որոնք ներփակուած իրենց մէջ, կը մտածեն միայն երեւնալ եւ որոնք փողեր կը հնչեցնեն՝ իրենց սուտ ողորմածութիւնները յայտարարելու համար» յարեց ապա Սրբազան Պապը աւելցնելով, որ այսպիսի մարդոց մինակ մտահոգութիւնն է, պահպանել իրենց ունեցած ներքին յատկութիւնը՝ անձնասիրութիւննը ու ապահովութիւնը, եւ դժուարութեան պարագային, երբ բան մը կամ  իրողութիւն մը զիրենք դժուարութեան կը մատնէ, հիմնուելով իրենց օրէնքներուն վրայ իրենց հայեացքը այլուր կը սեւեռեն:

Ակնարկելով ապա Սուրբ Պօղոսի Եփեսացիներուն ուղղուած խօսքին «Քրիստոսի մէջ ժառանգորդներ դարձանք» Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ թէ դէպի դուրս աճող թթխմորը, Սուրբ Հոգին է . մեզի խոստացուած Սուրբ Հոգիին դրոշմը, որ մեր ժառանգութեան կանխավճարն է , որ իր ամբողջութիւնը կը գտնէ փրկութեան լրումին մէջ:

Դէպի դուրս աճող թթխմորով, մարդիկ կը սխալին սակայն կը ջանան այդ սխալը սրբագրել, շատ անգամ կ՛իյնան, սակայն դարձեալ կը փորձեն վերականգնիլ, մեղք կը գործեն սակայն կը զղջան։ Այս մարդիկը արդարեւ ուրախ են, որովհետեւ անոնց խոստացուած է ժառանգութիւն մը. Աստուծոյ ուրախութիւնն ու փառքը» յարեց Սրբազան Քահանայապետը, նշելով թէ Յիսուս կ՝ուզէ որ Քրիստոնեաները իրենց դժուարութիւններու, տառապանքներուն, հարցերուն եւ անկումներուն հանդերձ, յոյսով յառաջ ընթանան գտնելու համար ժառանգութիւնը:

Քրիստոնեաներու թթխմորը՝ Սուրբ Հոգին, մեզ դէպի դուրս կը մղէ , մեզ կ՛աճեցնէ յոյսով, հակառակ մեր բոլոր դժուարութիւններուն ու մեղքերուն։ Անորմով առաջնորդուած մարդոց սիրտը միշտ ուրախ է, մինչ կեղծաւորները, մոռցած են, թէ ինչ կը նշանակէ ուրախութիւնը ըսաւ Սրբազան Հայրը քարոզի աւարտին։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2018, 12:31
Կարդալ բոլորը >