Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

ֆրանչիսկոս Պապ «Հարստութենէ անջատ սիրտ ունենալ ու համբերութիւն՝ հալածանքներու եւ մինակութեան մէջ :»

Առաքեալին ուղեւորութեան առաջին պայմանը կը կայանայ աղքատ սիրտ ունենալու մէջ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, հոկտեմբեր 18-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը խօսեցաւ առաքեալի մը աղքատութիւնը ապրելու երեք կերպերու մասին:

Ունկնդրէ լուրը

Առաջին, սրտով հեռու մնալ հարստութիւններէն, երկրորդ, ընդունիլ փոքր կամ մեծ հալածանքները ինչպէս նաեւ նախատինքները , երրորդ մինակութեան մէջ ապրելու աղքատութիւնը, կեանքի աւարտին, մինակ զգալու աղքատութիւնը:

Նորին Սրբութեան աղքատութեան մասին քարոզի ներշնչումի աղբիւր հանդիսացաւ, օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումները. Յիսուսի նախասիրութիւնը աղքատներուն նկատմամբ: Յիսուս 72 աշակերտները- առաքելութեան կ՝առաքէ առանց հողաթափի եւ առանց պայուսակի, որովհետեւ Յիսուին կամքն է առաքեալը անջատուած ըլլայ դրամէն ու հարստութենէն , դիտել տուաւ Սրբազան Պապը:

Առաքեալը պէտք է սրտով աղքատ ըլլայ եւ հարստութիւններէն հեռու:

Առաքեալին ուղեւորութեան առաջին պայմանը կը կայանայ աղքատ սիրտ ունենալու մէջ: Ան իր առաքելավայրին մէջ գտած կառոյցներն ու միջոցները, որոնք հարստութեան նշան կը թուին պէտք է լաւ շահագործէ ՝ հարստութենէ անջատուած հոգիով, յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ օրինակ բերելով աւետարանի մէջ հարուստ երիտասարդը, որ իր հարստութեան պատճառաւ չկարողացաւ հետեւիլ Յիսուսին:

Աւետարանի ի խնդիր հալածանքներու աղքատութիւն:

Աղքատութեան երկրորդ ձեւն է հալածանքներու աղքատութիւնը: Այս առնչութեամբ Նորին Սրբութիւնը մէջբերեց Յիսուսին խօսքը «ձեզի որպէս ոչխարներ կ՝ուղարկեմ գայլերուն մէջ, աւեցնելով որ մեր օրերուն եւս անթիւ քրիստոնեաներ հալածուած ու նախատուած են աւետարանին համար: Այս ուղղութեամբ Սրչազան Հայրը յիշեց նաեւ վերջին շրջանի Քամերունի մէջ կաթողիկէ երիտասարդի մը սպանութիւնը՝ եկեղեցւոյ դէմ ատելութեամբ լեցուն խումբ մը պատանիներուն կողմէ , որոնք երիտասարդ հաւատացեալէն խնդրեցին որ երեք անգամ ուրանայ Յիսուս Քրիստոսը: ապա սպանեցին զինք:

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց որ այս արարքը, առաջին դարերու արարք մը է չէ, այլ պատահած է երկու ամիս առաջ, աւելցնելով որ քանի քրիստոնեաներ կը տառապին ֆիզիքական հալածանքներէն, նախատինքի հալածանքներ: Ժողովրդապետութիւններուն եւ զանազան վայրերուն մէջ հեզութեամբ եւ հանդուրժողութեամբ հալածանքներ կրող քրիստոնեաները նկատելով «աղքատութեան այլ ձեւ մը»։

Մենք մեզի լքուած զգալու աղքատութիւն

Երրորդ աղքատութեան ձեւը մինակութիւն է : Սրբազան Հայրը յիշեց Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչը: Մեծ աւետարանիչը որուն քով շատեր կ՝երթային մկրտուելու համար, սակայն ան բանտին մէջ մինակ մնաց, մոռցուած բոլորին կողմէ, թագաւորի մը ատելութեան պատճառաւ:

Ֆրանչիսկոս Պապ օրինակ բերաւ նաեւ մեր օրերուն ծերանոցներուն մէջ լքուած շատ մը քահանաներ ու մայրապետներ որոնք իրենց կեանքը մաշեցուին աւետարանումի համար սակայն այժմ անոնք Տիրոջ հետ մինակ կը զգան եւ ոչ մէկը կը յիշէ զանոնք:

Քահանայապետը քարոզը աւարտեց խնդելով աղօթել բոլոր առաքեալներուն համար, քահանաներ, մայրապետներ, քահանայապետեր, աշխարականներ որպէսզի անոնք կարենան ընթանալ Տիրոջ խնդրած աղքատութեան ուղիին վրայէն ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2018, 12:41
Կարդալ բոլորը >