Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին հոկտեմբեր 16-ի քարոզը, կեղծաւորներուն մասին:

Կեղծաւորները նման են դուրսէն սպիտակ գոյնով գերեզմաններուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 16-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս մեկնելով օրուան աւետարանական ընթերցումէն, ուր կը խօսուի Յիսուսի մասին, որ ճաշի կ՝երթայ փարիսեցիին մը մօտ, եւ ուր սեղան կը նստի, առանց յարգելու, օրէնքէն նախատեսուած սովորութիւնները:

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը քարոզին մէջ կ՝ընդգծէ տարբերութիւնը, ժողովուրդին՝ Յիսուսի հանդէն ունեցած սիրոյ, եւ Սաթուկեցիներուեւ փարիսեցիներուն ատելութեան միջեւ։
Ժողովուրդը Յիսուսը կը սիրէր, որովհետեւ անոնց սիրտին կը խօսէր եւ քիչ մըն ալ իրենց շահերուն համար, մինչ՝ փարիսեցիները Յիսուսին կը հետեւէին, զայն դժուարութեան մատնելու համար- «իրենք զիրենք անմեղ նկատող» Փարիսեցիներ – ըսաւ Սրբազան Հայր ու շեշտ դրաւ Փարիսեցիներուն խստութեան վրայ : Անոնք կը գայթակղէին Յիսուսէն, որովհետեւ շաբաթ օրով մեղաւորներուն մեղքերը կը քաւէր: Փարիսեցիներուն չէր հետաքրքրեր ժողովուրդը5 անոնց համար կարեւորը , օրէնքն ու սովորութիւններն էին։
Յիսուս լաւ ճանչնալով փարիսեցիներուն հոգիները, կ՝ընդունի գայթակղած փարիսեցիին քով երթալ անոր ըսելու համար – որ ան արտաքնապէս մաքուր է սակայն ներքնապէս լի է նենգութեամբ, սպիտակ գոյնով ներկուած գերեզմաններ են- արտաքնապէս գեղեցիկ ու կատարեալ, ներքնապէս քարշահոտ: Ըսաւ Սրբազան ակնարկելով Յիսուսին պատմած այլ առակներուն, որոնց մէջ Ան կը դատապարտէ «միայն երեւնալով հետաքրքրուող» անձերը զանոնք նատելով «կեծաւորներ» որոնք կարող են դրամ վճարել ուրիշը սպաննելու կամ զրպարտելու համար ինչպէս կը կատարուի նաեւ այսօր յարեց Նորին Սրբութիւնը դարձեալ մատնանշելով փարիսեցիներու ու օրէնսգէտներու խստութեան ու անոնց փոփոխութիւնները ընկալելու անտրամադրութեան, նկատել տալով որ անոնց խստութեան ետին կան ծանր հարցեր այնպէս ինչպէս կան ծանր հարցեր նաեւ բարի քրիստոնեայ երեւողին ետին, որ լոկ կ՝ուզէ երեւիլ, սակայն այնտեղ Յիսուս բացակայ է այնտեղ կայ աշխարհի հոգին ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով թէ Յիսուս այսպիսի մարդոց կը յորդորէ որ իրենց հոգիները բանան սիրոյ, այնտեղ ընկալելու համար շնորհքը, որովհետեւ փրկութիւնը, Աստուծոյ անշահախնդիր պարգեւն է եւ ոչ մէկը կարող է ինքզինք փրկել, ոչ մէկը ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, յանձնարարելով զգուշանալ «խիստ կեցուածքներէն» ուր ըսաւ Ան կը պակսի ազատութեան հոգին։ Չի նայինք միայն երեւոյթներուն, ջանանք փոխել մեր սիրտը, յարեց Սրբազան Քահանայապետը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/10/2018, 13:11
Կարդալ բոլորը >