Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ «իսկական քրիստոնեան Տիրոջ սիրահարուած է»

Մեր կեանքին մէջ ժամանակ տրամադրենք Քրիստոսի խորհուրդին մասին մտածելու համար:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, հոկտեմբեր 9-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան աւետարանական ընթերցումը՝ քաղուած Ղուկաս աւետարանիչէն, ուր կը խօսուի Մարթայի եւ Մարիամի մասին, դիտել տուաւ, որ անոնք մեզի կ՝ուսուցանեն քրիստոնեայի ապրելակերպը:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տուաւ որ Մարիամ, Տիրոջ խօսքին ունկնդիր էր, մինչ Մարթան բազմազբաղ ըլլալուն պատճառով սխալ դիրքի մէջ էր: Մարթան քաջ կին ըլլալով հանդերձ իր ժամանակը չսպառեց Տիրոջ նայելով, ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել տալով՛ որ Մարթային նմանող շատ մարդիկ կան, որոնք Կիրակի օր Սուրբ Պատագաաի ներկայ գտնուելով հանդերձ , ժամանակ չ՝ունին նոյնիսկ իրենց զաւակներուն հետ ժամանակ անցնելու, յորդորելով անոնց պահ մը կանգ առնել եւ Տիրոջ նայիլ ու անսալ Անոր խօսքին, բանալու համար իրենց սիրտերը Աստուծոյ, ինչպէս ըրաւ Մարիամ, որ Տիրոջ կը նայէր , որովհետեւ Տէրը իր սրտին կը խօսէր, եւ որմէ կը ներշնչուէր:

Սրբազան Հայրը շեշտելով աղօթքի կարեւորութիւնը մեր կեանքէ ներս, օրինակ բերաւ Սուրբ Պօղոսը, որ երբ Աստուած զայն ընտրեց, անմիջապէս չմեկնեցաւ քարոզչութեան, այլ նախ աղօթեց եւ խոկաց Քրիստոսի խորհուրդին մասին, ապա քարոզելու մեկնեցաւ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2018, 12:54
Կարդալ բոլորը >