Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 5 հոկտեմբերի քարոզը «արդարներուն կեղծաւորութեան մասին»:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա զգուշացուց քրիստոնէական կեանքը սովորութիւն դարձնելէ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 5 հոկտեմբերին, առաւօտեան,Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ պատարագին ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց խուսափիլ «արդարներու կեղծաւորութենէն», զոր քրիստոնէութիւնը կ՝ապրին, որպէս ընկերային սովորութիւն, առանց Յիսուսը իրենց սիրտերուն մէջ կրելու, նկատել տալով որ «եթէ այսպէս կատարենք, քրիստոնեաներ ենք, սակայն՝ կ՝ապրինք որպէս հեթանոսներ:

Սրբազան Հայրը հիմնուեցաւ Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած Յիսուսի հետեւեալ խօսքին վրայ «Վայ ձեզի, Քորազիմ, վայ քեզի Բեթսայիդա. Եթէ Տիւրոս եւ Սիդոն կատարուած ըլլային հրաշքները որոնք կատարուեցան ձեր մէջ, շատոնց քուրձ հագած ու մոխիրի վրայ նստած եւ ապաշխարած կ՝ըլլային( Ղուկ. 10,13)։ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ որ Յիսուս շատ տխրած էր Քորազիմ, եւ Բեթսայիդա քաղաքներու բնակչութեան կողմէ մերժուած ըլլալուն համար, մինչ՝ Տիւրոս եւ Սիդոն քաղաքներուն հեթանոսները, եթէ տեսած ըլլային Յիսուսի հրաշքները պիտի հաւատային Անոր: Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ , որ Յիսուս ողբաց , որովհետեւ այդ մարդիկը անկարող էին սիրելու, մինչ Յիսուս կ՝ուզէր բոլորին սրտերուն հասնիլ, պատգամով մը որ սիրոյ պատգամ է:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա զգուշացուց քրիստոնէական կեանքը սովորութիւն դարձնելէ: Սովորութիւն մը, որ ցաւ կը պատճառէ, որովհետեւ ըսաւ ան աւետարանը կը վերածենք ընկերային իրողութեան մը, որ զուտ ընկերաբանութիւն է եւ ոչ թէ Յիսուսի հետ առանձնական հանդիպում:

Սրբազան Հայրը դիտել տուաւ որ Յիսուս բոլորիս, իւրաքանչիւրիս կը խօսի: Յիսուսի քարոզը բոլորիս ուղղուած է: Հեթանոսները, Յիսուսի քարոզը լսելէ անմիջապէս ետք՝դարձի եկան իսկ մենք որ քրիստոնեայ միջավայրին մէջ ծնած ենք, քրիստոնէական կեանքը ընկերային սովորութեան վերածած ենք եւ այս պատճառաւ, Յիսուս կը ողբայ բոլորիս վրայ, Ան կը ողբայ, որովհետեւ քրիսոտնէական կեանքը կ՝ապրինք ոչ հարազատ եւ իրական ձեւով:

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսեցաւ մեղաւորներուն կեղծաւորութեան մասին դիտել տալով որ կայ նաեւ արդարներուն կեղծաւորութիւնը, որ է Յիսուսի սէրէն վախցողները, որոնք կը վախնան թոյլ տալու սիրուելու: Մինչ արդար կեղծաւորները անոնք են որոնք եկեղեցին կ՝երթան, ապա իրեն տուները վերադարձին Յիսուսը եկեղեցին կը ձգեն առանց Զայն տանելու իրենց ընտանիքներուն ու զաւակներուն մէջ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2018, 13:22
Կարդալ բոլորը >