Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապին 10 սեպտեմբերի քարոզը . Աւետարանի Նորութիւնը:

Աւետարանի նորութիւնը տարբեր է աշխարհի նորութենէն. Աւետարանի նորութիւնը մարտիրոսութեան տանող ուղի է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 10 սեպտեմբեր 2018-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը մատուցեց Սուրբ Պատարագ, որուն առթիւ ներկայացուցած քարոզին նիւթը եղաւ Քրիստոսի բերած նորութիւնը, նկատել տալով որ Քրիստոսի նորութիւնը տարբեր է աշխարհի նորութիւններէն, որովհետեւ Աւետարանը, մարդը ամբողջութեամբ կը փոխակերպէ եւ չ՝ընդունիր կեղծաւորութիւն. Քահանայապետը շեշտեց որ քրիստոնեային ուղին, մարտիրոսութեան ուղի է եւ պէտք չէ խեղաթիւրել աւետարանը:

Ունկնդրէ լուրը

Ներշնչուելով Պօղոս առաքեալի Կորնթացիներուն ուղղած այսօրուան սուրբ Գրային ընթերցումէն, ուր առաքեալը կը զգուշացնէ քրիստոնեաները կրկնակի եւ կեղծաւոր կեանքէ, Ֆրանչիսկոսս Պապ դիտել կու տայ, որ Աւետարանի, Քրիստոսի նորութիւնը, մարդը ամբողջութեամբ կը կերպարանափոխէ՝ հոգւով, մարմնով ու սիրտով, նման նոր գինիին զոր պէտք է նոր տակառներուն մէջ դնել:

Ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ նաեւ , որ Կորնթացիները լաւ չէին հասկցած աւետարանի նորութիւնը, որ լոկ գաղափարապաշտութիւն մը չէ ոչ ալ ընկերային կեանքի ապրելակերպ մը այլ ՝ Յիսուսի Յարութիւնն է, Սուրբ Հոգին է, զոր Քրիստոս ուղարկեց մեզի, որպէսզի մեզի ընկերանայ մեր կեանքին ընթացքին:

«Այն որ իր մեղաւոր եւ տկար վիճակը կ՝ընդունի, Աստուած պիտի ներէ զայն, որովհետեւ այս է Աւետարանի նորութիւնը, այսինքն դաւանիլ, որ Քրիստոս աշխարհը եկաւ մեր մեղքերը քաւելու համար», ըսաւ Սրբազան Հայը ապա քարոզը եզրափակեց յարելով որ բոլոր անոնք որոնք կ՝ընդգրկեն Քրիստոսի նորութեան ուղին կ՛ընդունի մարտիրոսութեան տանող ուղին, զգուշացնելով Աւետարանի պատգամը խեղաթիւրելէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/09/2018, 14:34
Կարդալ բոլորը >