Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (� Vatican Media)

«Քրիստոնեան պէտք է միշտ խղճի քննութիւն կատարէ» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քրիստոնէական կեանքին մէջ հարկաւոր է հակամարտիլ ու տեղ տրամադրել Սուրբ Հոգիին, վտարելով աշխարհիկ հոգին:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մարդուն սիրտը նման է «պատերազմի դաշտին» ուր կը հակամարտին իրարմէ տարբեր երկու «Հոգիներ»,  Աստուծոյ Հոգին որ մեզ կը մղէ բարի գործերու, եղբայրասիրութեան ու եղբայրութեան եւ միւս հոգին՝ աշխարհինը- որ մեզ կը մղէ ունայնութեան, հպարտութեան, բաւարարումի եւ շաղակրատանքի»։  Այս խօսքերը մաս կը կազմեն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագին առթիւ արտասանած քարոզին, որուն մեկնակէտը հանդիսացաւ օրուան ընթերցուածը, քաղուած Պօղոս Առաքելահի Կորընթացիներուն ուղղած նամակէն ուր առաքեալը անոնց կը սորվեցնէ ունենալ Քրիստոսի մտածելակերպը, որուն համար հարկաւոր է յանձնուիլ Սուրբ Հոգիին, որ մեզ կը մղէ ճանչնալու Յիսուսը, ունենալու համար անոր միեւնոյն զգացումները ու հասկնալու համար սրտերը։

Ունկնդրէ լուրը

«Մարդը եթէ միայնակ լքուի իր ճակատագրին, կարող չէ հասկնալ Սուրբ Հոգին» ըսաւ Սրբազան Պապը շեշտը դնելով դարձեալ այդ երկու «հոգիներու» վրայ,  որոնք տարբեր են իրարմէ ու մեզ կը դնեն մէկը՝ բարի եւ միւսը՝ կորուստի ճանապարհի վրայ, հակամարտելով մէկը միւսին դէմ։

«Քրիստոնէական կեանքին մէջ հարկաւոր է հակամարտիլ ու տեղ տրամադրել Սուրբ Հոգիին, վտարելով աշխարհիկ հոգին ու այս ծիրէն ներս առօրեայի խղճի քննութիւնը մեզ կ՛օգնէ զատորոշում կատարելու» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Հոգին նկատելով Աստուծմէ մեզի շնորհուած մեծ պարգեւ։ 

Քարոզի աւարտին Ան թելադրեց որ քրիստոնեան ամէն երեկոյ խղճի քննութիւն մը կատարէ, հասկնալու թէ ինչպէս ապրեցաւ այդ օրը, եթէ կարողացաւ նմանիլ Աստուծոյ Որդիին ու կամ թիրախ դարձաւ ունայնութեան եւ ինքնահաւանութեան։

«Իմանալ թէ ի՞նչ կը պատահի սրտին մէջ» կարեւոր է, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ եթէ այս մէկը չընենք կը նմանինք անասուններու որոնք ոչ մի բան կը հասկնան, ինչպէս գրուած է Սուրբ գրքին մէջ։

«Մենք Աստուծոյ զաւակները ըլլալով, մկրտուած Սուրբ Հոգիի շնորհքով, պէտք է գիտնանք թէ ի՞նչ կը պատահի մեր սրտին մէջ» շեշտեց Նորին Սրբութիւնը ու քարոզը եզրափակեց  Տիրոջմէ խնդրելով որ մեզի  սորվեցնէ ամէն օր խղճի քննութիւն կատարել։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/09/2018, 10:30
Կարդալ բոլորը >