Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ սուրբ պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ սուրբ պատարագ  (Vatican Media)

«Ամենամեծ խորհուրդը Աստուծոյ սիրտն է» ֆրանչիսկոս Պապ

«Երբ Առաքեալ մը կը մոռնայ իր արմատները կը հեռանայ Տիրոջմէն ու կը դառնայ պարզ գործակալ» ըսաւ Սրբազան Պապը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Սուրբ Մատթէոս առաքեալի տօնին առթիւ, ուրբաթ 21 սեպտեմբեր 2018-ին, առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատեց թէ «Տիրոջ ողորմութիւնը հասկնալը խորհուրդ է։ Սակայն ամենամեծ խորհուրդը ու ամենագեղեցիկը՝ Աստուծոյ սիրտն է»։

Նորին Սրբութիւնը քարոզին մէջ անդրադարձաւ Մատթէոս առաքեալի կոչումին,  մաքսաւորը ՝ Ալփեոսի որդին որ Յիսուս անցնելու ժամանակ կը տեսնէ մաքսատան դիմաց ու անոր կ՛ըսէ «հետեւէ ինծի» ու Ղեւին՝ ոտքի կ՛ելլէ ու կը հետեւի Անոր։ Սրբազան Քահանայապետը  նկատել տուաւ թէ այդ կոչումէն ետք Մատթէոս առաքեալ երբեք չի մոռցաւ իր ծագումը՝իր արմատները, ու հեզութեամբ գործեց Աւետարանի ի նպաստ։

«Երբ Առաքեալ մը կը մոռնայ իր արմատները կը հեռանայ Տիրոջմէն ու կը դառնայ պարզ գործակալ» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով նաեւ թէ  «ան անկարող կ՛ըլլայ Յիսուսը փոխանցելու ուրիշներուն» ու այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ նկատեց «ծագումի յիշատակը» որ պէտք է ընկերանայ ամէն մէկ առաքեալի ու քրիստոնեայի կեանքին։

Մատթէոս Յիսուսի կոչին դիմաց հրաժարեցաւ իր սէրէն՝ դրամէն, հետեւելու համար Տիրոջ. Ապա այդ կոչումը տօնախմբելու համար իր տունը հրաւիրեց իր գործընկերները՝ մաքսաւորներ ու մեղաւորներ որոնք բազմեցան Յիսուսին շուրջ։ Այս իրողութեան դիմաց օրէնսգէտները գայթակղեցան ու յանդիմանեցին Յիսուսի աշակերտները որովհետեւ Յիսուս նստած էր  մեղաւորներու հետ։ Յիսուս իմանալով այդ մէկը անոնց կ՛ըսէ  «առողջ մարդիկ բժիշկի պէտք չունին այլ հիւանդները»… Ան օրէնսգէտներուն ուզեց բացայայտել թէ ինչ կը նշանակէ «ողորմութիւն կ՛ուզեմ եւ ոչ զոհ։ Որովհետեւ Աստուծոյ ողորմութիւնը կը փնտռէ բոլորը ու կը ներէ բոլորին։ Ան միայն կը պահանջէ որ դուն ըսես «այո օգնէ ինծի» յարեց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով թէ «Տիրոջ Ողորմութիւնը հասկնալը խորհուրդ է, սակայն աւելի մեծ խորհուրդը կը կայանայ Աստուծոյ սրտին մէջ։ Եթէ դուն կ՛ուզես հասնիլ Աստուծոյ սրտին, ընտրէ ողորմութեան ճանապարհը ու թոյլ տուր որ քեզի հոգ տարուի ողորմութեամբ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/09/2018, 11:05
Կարդալ բոլորը >