Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

«Քրիստոնեաներուն համար Խաչը յաղթութեան նշան է» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քրիստոնեաներուն համար խաչին մասին խոկալը կը նշանակէ խոկալ պարտութեան նշանի մը ու յաղթութեան նշանի մը մասին

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 14 սեպտեմբեր 2018-ին կը յիշատակուի Խաչվերացի տօնը։ Ֆրանչսիկսո Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագին քարոզը նուիրեց տօնի իմաստին հաստատելով թէ «Քրիստոնեաներուն համար խաչին մասին խոկալը կը նշանակէ խոկալ պարտութեան նշանի մը ու յաղթութեան նշանի մը մասին… Խաչը արդարեւ քրիստոնեաներու համար յաղթութեան նշան է, որովհետեւ Խաչին մէջ է որ մենք փրկուեցանք։

Խաչը մեզի կը սորվեցնէ թէ կեանքին մէջ կան ձախողութիւններ ու յաղթանակներ։ Մենք պէտք է կարող ըլլանք հանդուրժելու պարտութիւնները, զանոնք ընդունելու համբերութեամբ,«նոյնիսկ մեր մեղքերու պարտութիւնները որոնց համար զոհուեցաւ Յիսուս Քրիստոս» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, հրաւիրելով հաւատացեալները այսօր՝ 5, 10 վայրկեան նուիրելու աղօթքին ու Խաչեալին դիմաց կանք առնելու ու մտածելու թէ ան պարտութեան նշան է, նշան է հալածանքի, կործանումի սակայն միեւնոյն ատեն ան նշան է յաղթանակի, որովհետեւ Աստուած Խաչով է որ յաղթեց, յարեց Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2018, 11:40
Կարդալ բոլորը >