Որոնել

Սանթա Մարթայի պատարագ Սանթա Մարթայի պատարագ 

«Ողորմութիւնը Քրիստոնեային ոճն է» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Քրիստոնեայ ըլլալը դիւրին չէ, բայց երջանիկ կը դարձնէ։ Երկնային Հօր մեզի ցոյց տուած ճանապարհը ողորմութեան ու ներքին խաղաղութեան ճանապարհն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 13 սեպտեմբեր 2018-ին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յիշել տուաւ թէ Քրիստոնեաները չեն հետեւիր աշխարհի հոգիին այլ կ՛ապրին Խաչին խենթութիւնը։

«Քրիստոնեայ ըլլալը դիւրին չէ, բայց երջանիկ կը դարձնէ։ Երկնային Հօր մեզի ցոյց տուած ճանապարհը ողորմութեան ու ներքին խաղաղութեան ճանապարհն է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն (Գլ 6,  27-38) ուր Յիսուս կը յորդորէ սիրել թշնամիները, բարիք ընել մեզ ատողներուն, օրհնել մեզ անիծողները, աղօթել մեզ զրպարտողներուն համար, ու մեր մէկ երեսը զարնողին դարձնել միւս երեսը…։

Յիսուս ըսաւ Սրբազան Պապը մեզի ցոյց կու տայ թէ ինչպէս պէտք է ապրին իր աշակերտները ՝ Երանութիւններու ու Ողորմութեան գործերու օրինակներով։ 

«Այս է քրիստոնէական ոճը» յարեց Սրբազան Պապը, «հակահոսանք ընթացող տրամաբանութիւն մը, որ կը հետեւի Խաչին խենթութեան, որուն նպատակակէտն է ապրիլ՝ որպէս մեր Հօր զաւակները։

Արդարեւ միայն ողորմածները կը նմանին Հօր Աստուծոյ «Եղէք ողորմած ինչպէս ձեր Հայրը ողորմած է»։ Ահա այս է ճանապարհը որ կ՛ընթանայ աշխարհի հոգիին հակառակ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը զգուշացնելով հաւատացեալները Սատանայի թակարդներէն ու անոր «մեղադրումներէն» որովհետեւ՝ «ան կ՛ուզէ միայն չարիք սերմանել» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, դիտել տալով թէ կեանքի մէջ կան երկու հրաւէրներ՝ Հօր հրաւէրը, որ է ողորմութեան հրաւէր, եւ Մեծ Մեղադրողին՝ սատանային հրաւէրը, որ մեզ կը մղէ ուրիշները մեղադրելու զանոնք կործանելու համար։

«Միակ մեղադրանքը որ քրիստոնեաներս կարող ենք ընել, մենք մեզ մեղադրել է» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը  հրաւիրելով «ուրիշներուն վերապահել միայն ողորմութիւնը, որովհետեւ զաւակներ ենք այն Հօր որ ողորմած է» ըսաւ Ան եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/09/2018, 11:00
Կարդալ բոլորը >