Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 11 սեպտեմբերի քարոզը:

Ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց, որ աղօթենք իրեն եւ եպիկոպոսներուն համար:

Երեքշաբթի, սեպտեմբեր 11-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած սուրբ Պատարագին ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանիսկոս Սրբազան Պապը անդրադարձաւ եպիսկոպոսներուն յատկութիւններուն, յորդորելով որ անոնք ըլլան աղօթքի մարդ եւ նեցուկ կանգնին իրենց ժողովուրդին:

«Եպիսկոպոսները» ըսաւ Սրբազան Հայրը պէտք են յիշել երեք հիմնական երեւոյթներ. անոնք պէտք են իրենց կոչումը ապրիլ որպէս մարդիկ՝ ընտրուած Աստուծմէ, մարդիկ ժողովուրդին մէջ ու աղօթքի մարդիկ» այս է եպիսկոպոսներուն ուժը յարեց Սրբազան Պապը որ մեկնաբանելով օրուան սուրբ Գրային ընթերցումը քաղուած Ղուկաս աւետարանիչէն, ուր կը խօսուի Յիսուսի մասին, որ ամբողջ գիշեր կ՝ աղօթէ, ապա 12 առաքեալներու ընտրութիւնը կը կատարէ Սրբազան Հայր կը հաստատէ թէ մենք եւս եպիսկոպոսներս մեղաւորներ ենք ապա ակնարկելով Յոբ նահապետի գիրգին ու Մեծ ամբաստանող - սատանային» դիտել կու տայ թէ այդ ամբաստանողը աշխարհի մէջ կը շրջէր միակ նպատակ ունենալով ամբաստանել ուրիշները ու այս ամբաստանողին դիմաց եպիսկոպոսին միակ ուժը աղօթքն է ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, աղօթքը որ կատարեց Յիսուս, ապա հեզութիւնն է որով կ՛ընդունի թէ ինք ընտրուած է Աստուամէ մօտիկ ըլլալու համար Աստուծոյ ժողովուրդին, առանց փնտռելու ու ձգտելու ազնուական կեանքի մը որ անորմէ կը խլէ օծումը։

Նորին Սրբութիւնը քարոզը աւարտեց հրաւիրելով հաւատացեալները աղօթելու եպիսկսպոսներուն համար, ինծի համար ու անոնց որոնց նստած են առաջին շարքին վրայ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ Աղօթենք աշխարհի բոլոր եպիկսոպոսներուն համար աւելցուց ան եզրափակելով քարոզը:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2018, 12:48
Կարդալ բոլորը >