Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Քրիստոնէական կեանքի ճանապարհով ընթանալու համար պէտք է մենք մեզ մեղադրենք». Ֆրանչիսկոս Պապ

Եթէ մենք մեզ չի մեղադրենք կարելի չէ ընթանալ քրիստոնէական կեանքէն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քրիստոնէական կեանքի ճանապարհէն քալելու համար, պէտք է մենք մեզ ճանչնանք որպէս մեղաւորներ ու մեղադրել ոչ թէ ուրիշները այլ մենք զմեզ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին՝ 6 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան,  Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին առանցքը։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնելով Ղուկաս Աւետարանիչէն քաղուած ընթերցումէն ուր Յիսուս Պետրոսին կը հրամայէ ուռկանները ծով նետել ու տեղի կ՛ունենայ ձկնորսութեան հրաշքը, Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ այդ ընելով Յիսուս ուզեց օծել Պետրոսը ու զայն դարձնել նախ մարդերու որսորդ ապա Հովիւ։

«Յիսուս փոխեց նաեւ Պետրոսին անունը Սիմոնէն Պետրոս, եւ այդ անուանափոխութիւնը կը նշանակէր նաեւ նոր առաքելութիւն» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշելով ապա Պետրոսի վարուելակերպին որ սկիզբը դեռահաւատութեամբ նետած էր ուռկանները, ապա երբ ականատես կ՛ըլլայ հրաշքին, ծունկի կ՛իյնայ Յիսուսի ոտքին ու Անոր կ՛ըսէ «Հեռացիր ինձմէ Տէր որովհետեւ մեղաւոր եմ»։  

«Պետրոսի այս քայլը վճռական է ընթանալու համար Յիսուսի աշակերտութեան ճանապարհին վրայ. Ինքզինք մեղադրել որպէս մեղաւոր։ Այս քայլը արդարեւ կը հայի նաեւ բոլոր անոնց որոնք կ՛ուզեն ընթանալ հոգեւոր կեանքով, հետեւելով ու ծառայելով Յիսուսին» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով թէ «եթէ մենք մեզ չի մեղադրենք կարելի չէ ընթանալ քրիստոնէական կեանքէն» ու նկատել տալով նաեւ թէ բաւարար չէ կրկնել «մեղաւոր եմ» խօսքերը այլ պէտք է զգալ եւ հասկնալ մեղքին ամօթը ու այս մէկը կատարել սրտի դարձով,  ինչպէս ըրաւ Պետրոս երբ իսկապէս հասկցաւ թէ ինք մեղաւոր է եւ իր այդ քայլով ընդունեց փրկութիւնը։ 

Սրբազան Պապը հրաւիրելով հաւատացեալները սրտի զղջումի եւ ապաշխարութեան նշեց թէ այն քրիստոնեան որ չի գիտեր ինքզինք մեղադրել՝ ընդհանրապէս կը մեղադրէ ուրիշները ու անոնց դէմ կը չարախօսէ,  ապա քարոզը եզրափակեց հայցելով Տիրոջմէ որ մեզի պարգեւէ շնորհքը մենք մեզ մեղաւոր նկատելու եւ Պետրոսի նման սրտէն բխած  իսկական զղջումով ըսելու «Հեռացիր ինձմէ Տէր որովհետեւ մեղաւոր եմ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2018, 11:18
Կարդալ բոլորը >