Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (© Vatican Media)

Վերսկսան Սանթա Մարթայի Քահանայապետական պատարագները։ «Լռութիւնը յաղթական է Խաչով»։

Ճշմարտութիւնը հեզ ու խոնարհ է, անաղմուկ ու լռելեան է» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ամարային հակիրճ դադարէն ետք, երկուշաբթի 3 սեպտեմբեր 2018-ին, դարձեալ սկիզբ առին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին իղձով սովորութիւն դարձած,  Քահանայապետի մատուցած առօրեայի սուրբ պատարագներուն հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։

Առաւօտեան կանուխ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ զոհի ընթացքին արտասանած իր այսօրուան քարոզին մէջ, Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը, քաղուած Ղուկաս Աւետարանիչէն (4, 16-30), մատնանշեց Յիսուսին վարուելակերպին, ի տես այն ամբոխին որ կ՛ուզէր զինք գահավիժել  լերան գագաթէն. «Բայց Յիսուս լռութեամբ անցաւ անոնց մէջէն եւ շարունակեց իր ճամբան» ըսաւ Սրբազան Հայրը, դիտել տալով թէ Յիսուսին ժամանակը չէր հասած տակաւին ու նշելով թէ նոյնը պատահեցաւ նաեւ աւագ ուրբաթ գիշերը, երբ նոյն անձերը որոնք Ծաղկազարդի Կիրակին Յիսուսը ընկալած էին ովսաննաներով այժմ կ՛աղաղակէին. «խաչէ զինք, խաչէ զինք» եւ Յիսուս դարձեալ լռութիւն կը պահէր։

«Լռութիւնը արդարեւ յաղթական է» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը, «ան յաղթական է խաչով», շեշտեց ան, ակնարկելով այն բազմաթիւ կացութիւններուն երբ ընտանիքներուն մէջ վիճաբանութիւններ կը ծագին՝ քաղաքականութեան, մարզանքի կամ դրամի ու այլ նիւթերու շուրջ, որոնք ապա կը կործանեն այդ ընտանիքը, որովհետեւ՝ նկատել տուաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, սատանան իր մատը կը դնէ այնտեղ։ «Այս պարագային եւս լռութիւնը ամենալաւ դարմանն է։ Ճշմարտութիւնը արդարեւ հեզ ու խոնարհ է, անաղմուկ ու լռելեան է», դիտել տուաւ Նորին Սրբութիւնը, լռութեան հետ միասին առաջարկելով նաեւ աղօթքը։

«Անոնց  որոնք չեն ուզեր ճշմարտութիւնը տեսնել ու խաբուած սատանայէն կ՛ուզեն գայթակղութիւններ սերմանել ու աւերներ ու բաժանում տարածել, պէտք է լռութեամբ պատասխանենք, որովհետեւ միայն լռութիւնը կարող է յաղթական դուրս գալ այդ իրողութենէն» յարեց Սրբազան Պապը, հայցելով որ Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը  հասկնալու թէ երբ պէտք է խօսինք ու երբ պէտք է լռենք, որպէսզի մեր առօրեայ կեանքին մէջ նմանինք Յիսուսին - ըսաւ Ան եզրափակելով իր քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2018, 11:00
Կարդալ բոլորը >