Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ «Նախատինքը պտուղն է նախանձի»։

Եթէ եղբայրդ քու դէմ մեղանչէ ներէ անոր ու անոր հետ հաշտուէ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Երբ ուրիշը կ՛անարգեմ կը սկսիմ միւսը սպաննել, անորմէ խլելով յարգանքի իրաւունքը ու սպանելով անոր ապագան։ Տէրը մեզմէ կը խնդրէ յարգել միւսին արժանապատուութիւնը»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 14 յունիսի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին առանցքը։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով օրուան Աւետարանը՝ քաղուած Մատթէոս Աւետարանիչէն ուր Յիսուս հրաւէր կ՛ուղղէ հաշտուելու հակառակորդին հետ որպէսզի ան մեզի դատաւորին չի յանձնէ ու այս վերջինը մեզ բանտ նետէ, Քահանայապետը նկատել կու տայ թէ Յիսուսին այդ հրաւէրը «մարդկային իմաստութիւն» է ու թէ Տէրը այդ իր օրինակով կ՛ուզէ մեզի սորվեցնել եղբայրսիրութեան յարաբերութիւնը։

Ֆրանչիսկոս Պապ կը մատնանշէ նախատինքներուն ու արձագանքի խօսքերուն որոնց յաճախ կը դիմենք վիրաւորելով մեր դիմացիները այս մէկը նկատելով «ուրիշի իրաւունքի անտեսում»։ «Նախատինքը, ըսաւ Սրբազան Պապը, վտանգաւոր է որովհետեւ շատ անգամ ծնունդ կ՛առնէ նախանձէն ու այդ նախանձէն մղուած մենք կանարգենք մեր դիմացինը ու նախանձը յաճախ մահ կը յառաջացնէ աշխարհին մէջ, որովհետեւ սատանայէն կու գայ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ակնարկելով Յիսուսի խօսքերուն «եթէ եղբայրդ քու դէմ մեղանչէ ներէ անոր ու անոր հետ հաշտուէ»։ «Յիսուս արդարեւ արմատական է։ Հաշտութիւնն ալ արմատական վերաբերմունք մըն է, կը յարգէ միւսին արժանապատուութիւնը ու Յիսուս մեզի կ՛առաջարկէ անցնիլ նախատինքէն՝ հաշտութեան ու նախանձէն բարեկամութեան» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ առաջարկելով պահ մը խորհիլ «ո՞րքան անարգանք կը կատարեմ ես» ու ասկէ մեկնելով նկատել եթէ այդ մէկը պտուղն է նախանձի։

Աստուծմէ հայցենք  «ուրիշները երբեք չ՛անարգելու» շնորհքը  ըսաւ ապա Սրբազան Հայրը եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/06/2018, 11:16
Կարդալ բոլորը >