Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապ.«Մենք մեր արժանիքներուն դերակատարները չենք»:

Երբ մենք կերակուր կʼուտենք, չենք ըսեր ʼո´րքան համով է աղըʼ, այլ կʼըսենք՝ ʼո´րքան համով է կերակուրըʼ։

Հայր Ներսէս Սագայեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, յունիս 12ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանեց օրուան աստուածաշնչական պատգամը, բացատրելով Մատթէոսի Աւետարանի հատուածը (Մտթ Ե. 13-16), ուր Յիսուս Լերան Քարոզին մէջ իրեն հետեւողները կը յորդորէ որ ըլլան «աղ» եւ «լոյս» երկրի համար։
Սրբազան Հայրը նկատեց, թէ աղը կը համեմէ կերակուրը եւ ոչ ինքզինք, ապա եւ լոյսը ինքզինք չէ որ կը լուսաւորէ։ Այսպէս ալ քրիստոնեային առօրեայ վկայութիւնը կը ծառայէ ուրիշներուն եւ ոչ թէ պարծենալու անձի արժանիքներով։ Քրիստոնեայի կոչումն է առօրեայ պարզ վկայութիւնը, առօրեայ սրբութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեցուց, թէ մեծագոյն վկայութիւնն է՝ կեանքը տալ ուրիշներուն համար ինչպէս ըրաւ Յիսուս։ Այդ մարտիրոսութիւն է. սակայն կայ այլ վկայութիւն մը, որ կը կայանայ առօրեայ կատարումին մէջ՝ որ կը սկսի առաւօտեան՝ երբ կʼարթննանք, եւ կը վերջանայ երեկոյեան՝ երբ անկողին կը մտնենք։ Փոքր բան է կատարուածը, սակայն Տէրը մեր փոքր արարքներով կը կատարէ հրաշքներ։ Արդէն ջնջին քանակութեամբ աղը կը համեմէ կերակուրը. հարկ չկայ մեծ քանակի։ Աղը ինքն իրմով չի պարծենար, ան միշտ ուրիշներուն կʼօգնէ. կʼօգնէ պահելու եւ համեմելու։
Ըլլալ քրիստոնեայ առօրեայ կեանքին մէջ կը նշանակէ նաեւ ըլլալ լոյսի նման՝ մարդոց համար, որ կʼօգնէ մեզի խաւարի մէջ։
Տէրը կʼըսէ՝ «Դուն աղ ես եւ լոյս։ Մարդիկ այդ տեսնելով պիտի տեսնեն եւ փառաւորեն Հայրը։ Դուն արժանիք չունիս։ Երբ մենք կերակուր կʼուտենք, չենք ըսեր ʼո´րքան համով է աղըʼ, այլ կʼըսենք՝ ʼո´րքան համով է կերակուրըʼ։ Երբ երեկոյեան տուն կը վերադառնանք, չենք ըսեր՝ ʼո´րքան լաւ է լոյսըʼ, այլ կʼապրինք այդ լոյսը։»
«Մենք մեր արժանիքներուն դերակատարները չենք» ըսաւ Սրբազան Հայրը, «հետեւաբար կարիք չկայ փարիսեցիին նման շնորհակալ ըլլալ Տիրոջ՝ կարծելով թէ սուրբ ենք։»
Սրբազան Պապը փակեց իր խորհրդածութիւնները յորդորելով առօրեայ ինքնաքննութիւն. ան ըսաւ՝ «Գեղեցիկ աղօթք մըն է մեզի բոլորիս համար, օրուան աւարտին ինքն իր անձին հարց տալ՝ ʼարդեօք աղ եղա՞յ, լոյս եղա՞յʼ։ Այս է առօրեայ սրբութիւնը։ Թող Տէրը մեզի օգնէ որ հասկնանք այս։»
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/06/2018, 12:24
Կարդալ բոլորը >