Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապի 11 յունիսի քարոզը՝ աւետարանումի մասին

Աւետարանումի երեք հիմնական կէտեր. աւետում, ծառայութիւն եւ անշահախնդրութիւն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 11 յունիս 2018-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագին ընթացքին, ֆրանչիսկոս Պապին ներկայացուցած քարոզին առանցքը եղաւ աւետարանացումի նիւթը, զայն ներկայացնելով երեք հիմնական կէտերուն մէջ« աւետում, ծառայութիւն եւ անշահախնդրութիւն:

Մեկնելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումներէն, Ֆրանչիսկոս Պապ ի յայտ կը դնէ, որ աւետումին գլխաւոր դերակատարը Սուրբ Հոգին է: Աւետումը պարզապէս քարոզ մը կամ գաղափարներու փոխանակում չէ այլ մղիչ ուժ է՝ կարող սիրտերը փոխելու՝ շնորհիւ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան:

Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ, որ եղած են լաւ պատրաստուած հովուական ծրագիրներ, սակայն անոնք աւետարանումի շիտակ գործիքներ չէին,  որովհետեւ անկարող էին սիրտերը փոխելու եւ ինքնանպատակ էին:

Աւետարանելու համար Յիսուս մեզմէ չի խնդրեր գործակալի կեցուածք որդեգրել, Սուրբ Հոգին է որ քաջութիւն կը ներշնչէ եւ մղիչ ուժն է ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ:

Աւետարանումի երկրորդ հիմնական կէտն է ծառայութիւնը՝ մատուցուած նաեւ փոքրիկ բաներուն մէջ:

«Չենք կրնար բարի լուրը աւետել առանց ծառայութեան, որովհետեւ Սուրբ Հոգին ոչ միայն մեզ յառաջ կը մղէ՝ Տիրոջ ճշմարտութիւնն ու կեանքը հռչակելու, այլ մեզ կը տանի դէպի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն մօտ, անոնց ծառայելու համար նաեւ փոքրիկ բաներու մէջ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, գէշ երեւոյթ նկատելով այն աւետարանողներու կեցուածքը, որոնք կ՝ապրին ծառայութիւն ակնկալելով, պատկերացնելով զանոնք աւետարանումի իշխաններ:

Ի վերջոյ աւետարանումի երրորդ հիմնական կէտը՝ անշահախնդրութիւնը:

Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յայտնեց, թէ մենք բոլորս անշահախնդիր կերպով փրկուած ենք, ուստի պէտք ենք անվճարօրէն շնորհել, յորդորելով որ Աւետարանումի Հովուական գործիչներու կեանքը ըլլայ անշահախնդիր կեանք՝ ի սպաս ծառայութեան եւ աւետումի, առաջնորդուած Սուրբ Հոգիէն:

«Հովուական գործիչներուն իւրայատուկ աղքատութիւնը, զիրենք կը մղէ բացուելու Սուրբ Հոգիին» ըսաւ Սրբազան Հայրը քարոզի աւարտին:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/06/2018, 12:28
Կարդալ բոլորը >