Որոնել

Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ պատարագ  (Vatican Media)

«Կիները շահագործելը՝ Աստուծոյ դէմ մեղք մըն է» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Քանի անգամներ երիտասարդ աղջիկներ ստիպուած են իրենց մարմինը ծախելու որպէսզի աշխատանքի տեղ մը ապահովեն։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աղօթք մերժուած ու շահագործուած կիներուն համար ու երիտասարդուհիներուն համար որոնք իրենց արժանապատուութիւնը կը զոհեն աշխատանք  ունենալու համար»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին յորդորը։

Ունկնդրէ լուրը

Մեկնաբանելով օրուան աւետարանական հատուածը, քաղուած Մատթէոս աւետարանիչէն, ուր Յիսուս կը հաստատէ թէ «ամէն մարդ, որ կնոջ մը  նայի՝ անոր ցանկանալով, իր սրտի՛ն մէջ արդէն շնացած է», Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ «Յիսուսի խօսքերը արմատապէս կը փոխեն պատմութիւնը, որովհետեւ մինչեւ այն ժամանակ, կինը նկատուած էր երկրորդ դասակարգի անհատ, բարեփոխական իմաստով՝ ստրուկ, զրկուած լիակատար ազատութենէ»։

«Յիսուս արժանապատուութիւն կը պարգեւէ կնոջ ու զայն կը դասէ մարդուն հաւասար, որովհետեւ երկուքն ալ ստեղծուած են Աստուծոյ պատկերին համաձայն, երկուքը միասին, եւ ոչ թէ ամէն մին առանձնապէս» յարեց Սրբազան Քահանայապետը որ ապա շեշտը դրաւ կինը որպէս «իր» կամ «ցանկութեան  առարկայ» նկատող այսօրուայ տարածուած ըմբռնումին վրայ, ինչպէս նաեւ կնոջ արժանապատուութիւնը ոտնակոխ ընող մտածելակերպի վրայ, երբ ան նկատուած է ոչ որպէս անհատ այլ որպէս «գործածուելիք» ապրանք, ինչպէս է պարագան աշխատանքային մի քանի վայրերուն մէջ։

«Այս մէկը ըսաւ Սրբազան Պապը մեղք է Արարիչ Աստուծոյ դէմ» ապա հարց տուաւ. «Քանի՞ անգամներ երիտասարդ աղջիկներ ստիպուած են իրենց մարմինը ծախելու որպէսզի աշխատանքի տեղ մը ապահովեն ու կամ եթէ  «գիշերային ուխտագնացութիւն» կատարենք քաղաքի որոշ վայրերուն, քանի՞ կիներու պիտի հանդիպինք որոնք շահագործուած են մարդոցմէ ու վաճառուած որպէս ապրանք…»

«Եթէ դուն մերժես ու արձակէս կինդ զայն կը մղես շնութեան» յարեց Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով թէ ինչպէս անոնցմէ շատերը կորսնցուցած են իրենց ժպիտը, իրենց կին ու մայր ըլլալու արժանապատուութիւնը։

Հարկաւոր է խոկալ այս երեւոյթի մասին հրաւէր ուղղեց Սրբազան Քահանայապետը, խոկալ այն մտածելակերպի մասին որ կը մերժէ կինը ու զայն կը նկատէ երկրորդ դասակարգի անհատ։ Մերժելով ու նախատելով կինը մենք կ՛անարգենք Աստուծոյ դիմագիծը - շեշտեց Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթելով որ սոյն աւետարանական հատուածը մեզ մղէ աւելի խորապէս մտածելու մարմնավաճառութեան երեւոյթի մասին, շահագործումի երեւոյթի մասին, որ կ՛ոտնակոխէ կինն ու անոր արժանապատուութիւնը։

Քարոզի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ Յիսուս եւս ունեցաւ Մայր մը, ունեցաւ բազմաթիւ կին բարեկամուհիներ եւ աւա՜ղ հանդիպեցաւ բազմաթիւ անարգուած, բացառուած ու մերժուած կիներու, որ քնքշութեամբ ընկալեց անոնց վերադարձնելով իրենց արժանապատուութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/06/2018, 10:53
Կարդալ բոլորը >