Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ֆրանչիսկոս Պապին 1 յունիսի քարոզը

Հալածանքը մաս կը կազմէ քրիստոնէական կեանքին:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 1 յունիս 2018-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթա մատրան մէջ ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ եւ այս առթիւ արտասանած քարոզին մէջ անդրադարձաւ հալածանքի թիրախ քրիստոնեաներու մասին, ինչպէս նաեւ մշակութային գաղութացման միջոցաւ տեղի ունեցած հալածանքներու մասին . պատերազմներ, մարդկային շահագործում ՝ստրկութեան բոլոր ձեւեր:

Մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը ուր կը խօսուի եկեղեցւոյ սկզբնական շրջանին քրիստոնեաներուն դէմ կատարուած առաջին հալածանքներուն մասին Նորին սրբութիւնը դիտել կու տայ, որ հալածանքը մաս կը կազմէ քրիստոնէական կեանքին յիշելով նաեւ Յիսուսի երանութիւններէն մին՝ երանի հալածուածներուն:

Ան ապա նկատել կու տայ, որ այսօր գոյութիւն ունին այլ տեսակ հալածանքներ՝ իւրաքանչիւր այր մարդու ու կնոջ դէմ , որովհետեւ ամէն մարդ Աստուծոյ կենդանի պատկերն է , դիտել տալով որ Իւրաքանչիւր հալածանքի ետին՝ ըլլայ քրիստոնեաներուն ըլլայ բոլոր մարդոց դէմ՝ սատանան կայ, որովհետեւ սատանան կ՝ուզէ խախտել քրիստոսի՝ քրիստոնեաներուն կատարած խոստումը եւ կ՝ուզէ կործանել մարդու եւ կնոջ մէջ Աստուծոյ պատկերը

«Ի սկզբանէ սատանան փորձեց քայքայել Աստուծոյ ՝ մարդու եւ կնոջ միջեւ ստեղծած ներդաշնակութիւնը որ յառաջ կու գայ Աստուծոյ պատկերին նմանութենէն» ըսաւ Նորին Սրբութիւն ապա անդրադարձաւ մշակութային գաղութականութեան՝ պատերազմներուն, անօթութեան եւ ստրկութեան բոլոր ձեւերուն հաստատելով որ ասոնց ետին կայ միշտ սատանան որ կ՝ուզէ մարդու արժանապատուութիւն կործանել:

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը աւարտեց ըսելով.« այսօր աշխարհին մէջ հալածուած են ոչ միայն քրիստոնեաները այլեւ բոլոր այդ մարդիկը, որովհետեւ ամէն մէկ հալածանքի հայր՝ դէմ է որ այդ մարդիկը ըլլան Աստուծոյ պատկերին ու նմանութեան համաձայն: Առ այդ ան կը յարձակի ու կը քանդէ այդ պատկերը, թէեւ դիւրին չէ հասկանալ այս մէկը ու հարկաւոր է դիմել աղօթքին՝ առատ աղօթք ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2018, 12:31
Կարդալ բոլորը >