Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Քրիստոնեան կ՛աղօթէ իր թշնամիին համար ու կը սիրէ զայն» Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։

«Աղօթենք մեր թշնամիներուն համար ու Տիրոջմէ հայցենք որ մեզի տայ շնորհքը սիրելու զանոնք»

 Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրեցէք ձեր թշնամիները եւ աղօթեցէք ձեզ հալածողներուն համար։ Ներում, աղօթք, սէրը թշնամիներուն. Միայն Յիսուսի Խօսքը կարող է այս ընել»։ Մեկնելով Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած  օրուան ընթերցումէն, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած իր այսօրուան  քարոզը կեդրոնացուց ներումի ու սիրոյ վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

Գիտենք, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, թէ պէտք է մեր թշնամիներուն ներենք. Այս կը կրկնենք ամէն օր՝ «Հայր մեր» աղօթքին մէջ, կը խնդրենք ներում, այնպէս ինչպէս մենք կը ներենք։ Պայման մըն է սա թէեւ դիւրին չէ։ Նոյնն է նաեւ ուրիշներուն համար աղօթքը, անոնց որոնք մեզի դժուարութիւններ կը յարուցեն։ Այս մէկն ալ դժուար է»։

«Սակայն աղօթել անոնց համար որոնք մեզ կ՛ուզեն կործանել, Աստուծմէ խնդրելով որ օրհնէ զանոնք կը դառնայ իսկապէս անհասկնալի», ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով անցեալ դարուն, Ռուսիոյ մէջ կայացած քրիստոնեաներու դէմ հալածանքին, ուր պարզապէս քրիստոնեայ ըլլալուն պատճառաւ մարդիկ կ՛աքսորուէին Սիպերիա։ «Այդ մարդիկը պ՞էտք էին աղօթել իրենց կառավարող դահիճին համար», հարց տուաւ Սրբազան Հայրը ու պատասխանեց «այ՛ո, շատեր այդ մէկը ըրին, ինչպէս պատահեցաւ նաեւ համակեդրոնացման վայրերուն մէջ եւս»։

«Ասիկա Յիսուսի ու Աւետարանի  դժուար տրամաբանութիւն է»  հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով Յիսուսին՝ խաչին վրայ արտասանած վերջին  աղօթքին «ներէ անոնց, որովհետեւ չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ընեն»։

«Յիսուս ներում կը խնդրէ անոնց համար որ զինք կը սպանէին» ըսաւ Քահանայապետը դիտել տալով թէ «Յիսուս մեզմէ կը պահանջէ մեր կարգին հետեւելու իրեն եւ իրեն օրինակով ներում շնորհելու մեր շուրջիններուն, որոնք մեզի վնաս կը հասցնեն»

Մատնանշելով հուսկ առօրեայի կեանքին, ընտանեկան կեանքին ու այդ միջավայրերուն մէջ ներումի կարեւորութեան Սրբազան Քահանայապետը հայցեց շնորհքը՝ հասկնալու սոյն քրիստոնէական խորհուրդը ու նմանելու Հօր Աստուծոյ։

«Լաւ կ՛ըլլայ որ այսօր մտածենք մեր թշնամիներուն մասին», ըսաւ Սրբազան Հայրը, քարոզի աւարտին։ «Մտածենք մէկու մը որ մեզի դէմ չարիք գործեց ու անոր վրէժխնդիր կեցուածքին դիմաց ջանանք արտասանել քրիստոնէական աղօթքը. « Տէր անոր շնորհէ քու օրհնութիւնդ եւ ինծի սորվեցուր սիրել զինք»։

«Աղօթենք մեր թշնամիներուն համար ու Տիրոջմէ հայցենք որ մեզի տայ շնորհքը սիրելու զանոնք» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով քարոզը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/06/2018, 11:14
Կարդալ բոլորը >