Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

«Բռնատիրութիւնները կը սկսին զրպարտիչ հաղորդակցութեամբ» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Եթէ մէկը ուզէ հաստատութիւն մը կամ անձ մը կործանել, կը սկսի չարախօսել անոր մասին։ Կը գործածէ «զրպարտող հաղորդակցութեան» միջոցը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 18 յունիս 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ շեշտը դրաւ «զրպարտող հաղորդակցութեան» կործանարար ուժին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Եթէ  մէկը ուզէ կործանել հաստատութիւն մը կամ անձ մը, կը սկսի չարախօսել անոր մասին։ Կը գործածէ «զրպարտող հաղորդակցութեան միջոցը»։ Այսպէս արտայայտուեցաւ Սրբազան Պապը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած հին կտակարանի Թագաւորաց գիրքէն ուր Ագապ թագաւորը տիրանալու համար Նապոթի այգիին, ի տես այս վերջինիս մերժումին, սխալ ամբաստանութիւններ կը յարուցէ անոր դէմ, եւ  սպաննել կու տայ զայն, ու կը տիրանայ անոր այգիին։

Ասկէ մեկնելով Նորին Սրբութիւնը Նապոթի պատմութիւնը կը նմանեցնէ Յիսուսի պատմութեան, Սուրբ Ստեփանոս նախավկայի պատմութեան ու բոլոր մարտիրոսներու պատմութեան որոնք հալածուեցան եւ նահատակուեցան զրպարտութիւններու բերումով։

Այսօր եւս, ըսաւ Քահանայապետը, բազմաթիւ երկիրներու մէջ կը շարունակուին որդեգրել այդ ձեւերը. կը կործանուի ազատ հաղորդակցութիւնը, կը ջնջուին անոր հայող օրէնքները ու հաղորդակցութեան բոլոր սարքը կը յանձնուի ընկերութեան մը որ սուտեր կը հնարէ, կը զրպարտէ եւ կը տկարացնէ ժողովրդավարական կեանքը... այսպէսով ծնունդ կ՛առնեն բռնատիրութիւնները։

«Նոյնը կը պատահի նաեւ առօրեայ կեանքին մէջ» դիտել տուաւ ապա Սրբազան Պապը ընդգծելով թէ յաճախ գայթակղեցուցիչ լուրերը աւելի հրապուրիչ են քան բարի լուրերը ու թէ այդ լուրերու տարածումին դիմելով կը կործանուին անձեր եւ հաստատութիւններ։

«Մտաբերենք անցեալ դարուն հրեաներու դէմ գործադրուած հալածանքը։ Ան սկիզբ առաւ զրպարտող հաղորդակցութեան տարածումով։ Այս մէկը կը պատահի նաեւ այսօր, երբ որոշ անձինք ձեռք կը դնեն ազատ հաղորդակցութեան սարքին վրայ, ապա տէր տիրական դառնալէ ետք, կը սկսին կործանել, դատել ու մահ սերմանել» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ քարոզի աւարտին յորդորեց դարձեալ ընթերցել Թագաւորաց  գիրքի վերոնշեալ պատմութիւնը ու մտածել թէ որքան մարդիկ այդպէս անարդար կերպով վարկաբեկուեցան ու իրենց կեանքը կործանուեցաւ, ու քանի բռնատիրութիւններ կործանենցին երկիներ ու անձեր» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/06/2018, 11:41
Կարդալ բոլորը >