Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (Vatican Media)

Ողորմութեան գործերը Յիսուսին մեզի սորվեցուցած սիրոյ ճանապարհն են. Ֆրանչիսկոս Պապ:

«Աստուծոյ սէրը անսահման սէր է։ Անոր մեծութիւնը կը յայտնուի փոքրութեան ու քնքշութեան մէջ»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր Եկեղեցին կը տօնէ Յիսուսի Ամենասուրբ Սրտին տօնը եւ այս առթիւ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ  հաստատեց թէ «կարելի է նաեւ ըսել թէ այսօր Աստուծոյ սիրոյն տօնն է»։

«Մենք չենք որ սիրեցինք Աստուած այլ Ինք եղաւ առաջինը որ մեզ սիրեց» հաստատեց  Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ Աստուած միշտ առաջինն է որ կ՛ընդառաջէ մեզի, առաջինն է որ մեզ կը սպասէ, մեզ կը սիրէ ու մեր օգնութեան կը հասնի։

«Աստուծոյ սէրը անսահման սէր է» ըսաւ Սրբազան Հայրը ակնարկելով Սուրբ Պօղոսի մէկ խօսքին որուն մէջ առաքեալը կը նշէ թէ այդ սէրը կարելի չէ հասկնալ, որովհետեւ Քրիստոսի սէրը կը գերազանցէ բոլոր գիտութիւնները։

«Փրկագործութեան պատմութեան հոլովոյթին Տէրը մեզի յայտնեց իր սէրը ու այդ ըրաւ նուաստանալով, դառնալով մանուկ,  քնքշութեամբ, բարութեամբ  ու մօտիկութեամբ» յարեց Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով թէ Անոր մեծութիւնը կը հասկցուի միայն անոր փոքրիկ դառնալու միջոցաւ։ «Այս է Աստուծոյ սիրոյ խորհուրդը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու մատնանշեց Յիսուսին գործերուն ու մեզի թողած թելադրանքներուն «անօթին կերակրել, ջուր տալ ծարաւին, հիւանդն ու բանտարկեալը այցելել … Ողորմութեան գործերը  Յիսուսին մեզի սորվեցուցած Սիրոյ ճշգրիտ ճանապարհն են, որոնք շարունակականութիւն են Աստուծոյ մեզի վերապահած սիրոյն» հաստատեց ապա Սրբազան Քահանայապետը դիտել տալով թէ անհրաժեշտ չեն սիրոյ մասին վեհ խօսքեր այլ մարդիկ ու կիներ որոնք գիտեն փոքրիկ բաներ կատարել Յիսուսին համար, իրենց Երկնաւոր Հօր համար։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ  քարոզը աւարտեց  դարձեալ շեշտելով «ողորմութեան գործերը շարունակութիւնն են այդ սիրոյն որ կը նուաստանայ, կը փոքրանայ ու մեզի կը հասնի, որպէսզի մենք զայն տանիքն միշտ յառաջ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/06/2018, 11:31
Կարդալ բոլորը >